Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը բաց նամակ մը ուղարկած է Ե.Ա.Հ.Կ.-ի մօտ Յունաստանի երեսփոխանական պատուիրակութեան անդամներուն, դատապարտելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի սպառնալիքները Հայաստանի դէմ եւ կոչ ուղղելով Ե.Ա.Հ.Կ.-ին միջազգային օրէնքներուն ենթարկելու Ատրպէյճանն ու անոր նախագահը։
Հայ դատի յանձնախումբի նամակին մէջ մասնաւորապէս գրուած է.
«Հայաստանն ու Արցախը թիրախաւորելէ ետք, Ատրպէյճանի նախագահը այս անգամ կը յարձակի Ե.Ա.Հ.Կ.-ի Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներուն վրայ, որոնք յանձն առած են Արցախի հիմնահարցի լուծման բանակցային գործընթացը։
12 Յունուար 2022-ին լրատուական միջոցներուն տուած իր հարցազրոյցին, Իլհամ Ալիեւ, գոռոզութեամբ եւ արհամարհանքով, յայտարարեց իր մտադրութիւնը վերջ տալու Մինսքի խումբի խաղաղասիրական ջանքերուն։
Առաւել, ան հեգնանքով յայտարարեց, որ համանախագահող երկիրները բացակայ են եւ պարզապէս զբաղած են Խումբի կազմութեան 30-ամեակի նշումի պատրաստութեամբ։ Աւելցուց, որ ժամանակը հասած է, որպէսզի անոնք թոշակի անցնին ու այլեւս չզբաղին Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրով, որովհետեւ մէկ կողմէն ան թոյլ պիտի չտայ զբաղելու, միւս կողմէն՝ կը հաւատայ, որ Արցախի խնդիրը այլեւս լուծուած է Ատրպէյճանի կողմէ։
Իլհամ Ալիեւի լրբութիւնն ու հեգնանքը միջազգային ընտանիքին հանդէպ յառաջ կու գան վերջինի անբաւարար հակազդեցութենէն, ինչպէս նաեւ պատերազմական յանձագործութիւններու բացայայտ անպատժութենէն, որոնք Ատրպէյճան կը շարունակէ գործել Հայաստանի ու Արցախի դէմ։
Իլհամ Ալիեւ կը նկատէ, որ Եւրոպայի անվտանգութեան հաստատութիւնը մեծ խոչընդոտ մըն է իրեն համար։ Կը բաւէ վերյիշել թէ ինչպէս ան 2014-ին արժեզրկեց Ե.Ա.Հ.Կ.-ի ներկայացուցչութիւնը Պաքուի մէջ, մերժեց անոր գործունէութեան վերանորոգումը, որ ի վերջոյ յանգեցաւ հաստատութեան գրասենեակի փակումին։
2015-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն, ան սահմանափակեց ODIHR-ի (Ժողովրդավարական կարգերու եւ մարդկային իրաւունքներու Ե.Ա.Հ.Կ.-ի գրասենեակ) դիտորդներու թիւը, որուն պատճառով առկախուեցաւ ամբողջ առաքելութեան ներկայութիւնը երկրէն ներս։ Իսկ, 2017-ին, իր ներկայացուցած «վէթօ»-ին հետեւանքով, պատճառ դարձաւ Ե.Ա.Հ.Կ.-ի Երեւանի գրասենեակի փակումին։
Իր զարանցանքին մէջ, Ատրպէյճանի նախագահը անգամ մը եւս խեղաթիւրեց պատմութիւնը եւ ներկայացուց իր սեփական երեւակայական վարկածը։ Մասնաւորաբար, դարձեալ սպառնաց, որ եթէ նկատէ որեւէ տեսակի վտանգ իր երկրին համար, անմիջապէս պիտի յարձակի Հայաստանի վրայ եւ պիտի «ճզմէ» զայն։ Վտանգաւոր ընբռնումներ՝ որոնք ականահարումի կ՚ենթարկեն լուծումներ որոնելու բոլոր ջանքերը եւ որոնք նոր ու վտանգաւոր ռազմական գործողութիւններ կրնան յառաջ բերել, ի վերջոյ սպառնալով եւրոպական եւ տարածաշրջանային անվանգութեան վրայ։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը, որպէս յունահայ համայնքի քաղաքական ներկայացուցիչը, կ՚ողջունէ Մինսքի խումբի զօրակցութեան յայտարարութիւնը եւ կը հաւատայ, որ այն թէեւ ճիշդ ուղիի մը վրայ կը քալէ, այսուհանդերձ կը շարունակէ տկար ըլլալ։
Կոչ կ՚ուղղենք Ե.Ա.Հ.Կ.-ին՝
-Կարգի կանչել Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը
-Կանխել անոր սպառնալիքները միջազգային օրէնքի եւ մարդկային իրաւունքներու խախտումին կապակցութեամբ
-Մերժել ենթարկուիլ անոր յայտարարութիւններուն ընդմէջէն վախի մթնոլորտի ստեղծումին
-Պահանջել Ատրպէյճանէն՝ որ վերջինը իր կեցուածքը ուղղէ միջազգային օրէնքներու հիման վրայ
Նաեւ կոչ կ՚ուղղենք Ե.Ա.Հ.Կ.-ին, որ հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, ստիպել Ատրպէյճանը վերադառնալու Մինսքի խումբի կողմէ կատարուող բանակցութիւններու սեղանին, ընդունելով զայն որպէս միակ հարթակը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի բարւոք լուծման համար»։
azator.gr