Հ.Յ.Դ. ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՈՂՋՈՅՆԻ ԽՕՍՔՈՎ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ՔԱԹԵՐԻՆԻԻ ՄԷՋ ՊՈՆՏՈՍՑԻՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱՐԿԻՆ

Թեսաղոնիկէէն Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի քառանդամ պատուիրակութիւն մը Քաթերինի քաղաքը այցելեց անցեալ Շաբաթ 12 Ապրիլի երեկոյեան, ներկայ գտնուելու համար Պոնտոսի յոյներու կողմէ կազմակերպուած քաղաքական ձեռնարկին, որ նուիրուած էր հելլէն խորհրդարանի կողմէ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան ճանաչման քսանամեակին:

Կարեւոր այս ձեռնարկի բանախօսներն էին Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան դէմ պայքարող Սայիթ Չեթինօղլու եւ փրոֆ. Թէոֆանիս Մալքիտիս, որոնք յանդուգն ելոյթներով հանդէս եկան: Նախատեսուած էր նաեւ թուրք մտաւորական Ռակըպ Զարաքօլուի ներկայութիւնը ձեռնարկին, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ մի քանի օր առաջ մասնակցած էր Քափիթոլ Հիլի մէջ Հայ Դատի կազմակերպած ձեռնարկին, սակայն առողջական հարցի մը պատճառով կարելի չեղաւ ճամբորդել Յունաստան: Զարաքօլու ուղերձ մը յղեց, որ կարդացուեցաւ ձեռնարկին ընթացքին: Ուղերձին մէջ լայն անդրադարձ կար ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նոր քուէարկուած բանաձեւին, որ կոչ կÿուղղէ Ծերակոյտին ոգեկոչելու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:

ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՈՂՋՈՅՆԻ ԽՕՍՔԸ
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբը քառանդամ պատուիրակութեամբ ներկայ գտնուեցաւ սոյն ձեռնարկին, բաղկացած Պետրոս Հալաճեանէ, Տիգրան Պլէճեանէ, Խաչիկ Փափազեանէ եւ Վիգէն Տէրէեանէ: Պետրոս Հալաճեան ողջոյնի խօսք ուղղեց, մատնանշելով Թուրքիոյ շարունակուող հայաջինջ ու յարձակողական քաղաքականութիւնը, որու վերջին դրսեւորումը յայտնի դարձաւ Սուրիոյ Քեսապի մէջ:
Թրքերէնով խօսք առնելով Սայիթ Չեթինօղլու անդրադարձ կատարեց Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչի խօսքերուն վրայ, ինք եւս իր կարգին դատապարտելով Թուրքիոյ հալածանքները հայերուն եւ յոյներուն հանդէպ: Ան մանրամասն հետազօտական զեկոյց մը ներկայացուց, ուր կը փաստէր թէ հայերու եւ յոյներու դէմ հալածանքները նպատակ ունէին դրամատուներուն մէջ պահք դըր-ւած իրենց հարստութիւններու գրաւումը:
Չեթինօղլու խօսեցաւ նաեւ իր ընկերոջ՝ Սեւան Նշանեանի մասին, որ բանտարկուած կը մնայ Թուրքիոյ կողմէ եւ խնդրեց յոյներու զօրակցական կեցուածքը անոր նկատմամբ:
Յաջորդաբար խօսք առաւ փրոֆ. Թէոֆանիս Մալքիտիս, որ դրուատեց Հայ Դատի Յանձնախումբերու եւ ընդհանրապէս հայութեան տարած պահանջատիրական աշխատանքը, համազգային տարողութեամբ, յատկանշականօրէն ըսելով թէ «Հայ Դատի պահանջատիրական պայքարն էր որ ցեղասպանութեան ճանաչման ուղին բացաւ մեր առջեւ, Սթոքհոլմի որոշման մեծ յաղթանակին առաջնորդելով»: Ան քննադատեց յոյն պետութեան պահպանողական կեց- ւածքը, որ պարզ ոգեկոչումով մը կը բաւարարուի յիշել Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան թուականը, մինչ հայութեան համար Ապրիլ 24ը ազգային սուգի եւ պահանջատիրութեան վերանո- րոգուող ուխտի օր կը հանդիսանայ: