Երէկ` երկուշաբթի, 14 մարտ 2014-ին «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ Հարցազրոյց` ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի հետ: Զրուցավարն էր «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:
Հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայ դատի թղթածրարին առնչուող շարք մը հարցերու, ինչպէս` ինքնորոշման իրաւունքի հարցին, Փերինչեք-Զուիցերիա դատական հարցին, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի մայիսին նախատեսուած Հայաստան եւ դրացի երկիրներ այցելութեան, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց հարցով յանձնախումբին կողմէ որդեգրուած Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւին մասին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքիի յայտարարութեան, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան արդիւնքներուն քրտական հարցի լուծման վրայ ունենալիք ազդեցութեան մասին:
Վերջինիս կապակցութեամբ` Մանոյեան յայտնեց, որ քրտական կուսակցութիւնները բաւական զուսպ կը մնան եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեանց մէջ եւս վերապահ կեցուածք որդեգրած էին:
Անդրադառնալով աշխարհի տարածքին վերջերս ինքնորոշման իրաւունքի ի նպաստ արձանագրուող զարգացումներուն, ինչպէս` Սկովտիոյ, Քաթալոնիոյ, Վենետիկի եւ Խրիմի մէջ, Մանոյեան ըսաւ, որ Խրիմի հոլովոյթը Ղարաբաղի համար նախընթաց նկատելը ճիշդ չէ, որովհետեւ խորքին մէջ Լեռնային Ղարաբաղն է, որ նախընթաց է: Ան ըսաւ, որ վերոնշեալ բոլոր պարագաները ցոյց կու տան, որ պայման չէ, որ փոքր միաւորի ինքնորոշման իրաւունքի կիրարկումը մեծ միաւորի համամտութենէ կախեալ ըլլայ եւ պայման չէ, որ փոքր միաւորը այդ համամտութեան ապահովման պարագային միայն անկախութիւն հռչակէ:
Խօսելով Զուիցերիոյ կողմէ Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիա դատական հարցով Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի վճիռի բողոքարկման մասին` ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուն յայտնեց, որ ատիկա համազգային ճիգի արդիւնք էր: Ան նշեց, որ եւրոպական դատարանին 17 դեկտեմբեր 2013-ի վճիռը բաւական մօտ էր Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման օրէնքին հարցով Ֆրանսայի Սահմանադրական դատարանի որոշումին, եւ հարցականի տակ կը դնէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը: Ինչ կը վերաբերի որոշումին հետագայ ազդեցութեան, Մանոյեան ըսաւ, որ պէտք է սպասել վերջնական արդիւնքին. Ներկայ կացութեամբ գոյութիւն ունեցող վտանգը մեղմ է, սակայն եթէ դատարանի 17 դեկտեմբեր 2013-ի վճիռը վերահաստատուի, ապա աւելի ծանրակշիռ կը դառնայ եւ նախադէպի կը վերածուի:
Զրոյցի աւարտին անդրադարձ կատարուեցաւ հրապարակի վրայ արեւմտահայութեան անունով խօսող կազմակերպութիւններու երեւոյթին:
Հարցազրոյցի տեսերիզը յառաջիկային պիտի զետեղուի «Ազդակ»-ի կայքին վրայ: