Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը, կ’ողջունէ Հ.Յ.Դ. Արցախի Հայ դատի գրասենեակի բացման կարեւոր նախաձեռնութիւնը, մաղթելով յաջողութիւն իր ազգանուէր առաքելութեան մէջ:
Արցախի Հանրապետութեան յարատեւումը ու հայութեան արդար իրաւունքներու պահանջատիրութիւնը, կը հանդիսանան Հայ դատի աշխատանքներու կիզակէտը, որոնք անմիջականօրէն շաղկապուած են Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի ժողովուրդի ապագային ու յարատեւութեան հետ:
Այս իսկ ըմբռնումով, Հ.Յ.Դ. Հայ դատի գրասենեակի բացումը Արցախի մէջ, կարեւոր ներդրում պիտի բերէ, Հայրենիքի եւ Հայ ժողովուրդի իրաւունքներու եւ շահերու վերահսկման աշխատանքին:
Արցախի Անկախութեան նուիրական թուականէն 30 տարիներ ետք, խիստ անհրաժեշտութիւն մըն էր Հայ դատի գրասենեակի մը ներկայութիւնը Արցախի Հանրապետութեան տարածքին, որ այլեւս իրականութիւն է: Մեր խոր հաւատքն է որ ան պիտի հանդիսանայ այն յենակէտը, ուրկէ Հայ դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու համաշխարհային ցանցը պիտի սնուցանուի ու ընդարձակէ իր գործունէութեան դաշտը:
Յաջողութեան մաղթանքներով՝
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբ