Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարը Կ՛ողջունէ Հայ Դատի Մարմինի Նախաձեռնութեամբ Լիբանանցի Մտաւորականներու Յայտարարութիւնները

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի ատենապետ Վահրամ Էմմիեանի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին, Բաբայեան ողջունեց Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ լիբանանեան տեղեկատուական, փորձագիտական եւ ակադեմական դէմքերու կատարած յայտարարութիւնները սեպտեմբերի 2-ի առիթով:

Լիբանանի Հայ դատի մարմինի նախաձեռնութեամբ հոկտեմբեր 2019-ին Ստեփանակերտի մէջ միջազգային գիտաժողովին մասնակցած լիբանանցի մտաւորականները անգամ մը եւս հանդէս եկան Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին զօրակցող եւ Արցախի տարածքներու վերաազատագրումի հրամայականը ընդգծող յայտարարութիւններով:

aztagdaily.com