ԳԱՍՊԱՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԿՈՂՄԷ

(24 Մարտ) Արցախի մէջ 22-24 Մարտի ժամանակաշրջանի ընթացքին գումարուող Հ.Յ.Դ. Մարմիններու Արցախի նուիրուած խորհրդաժողովի շրջագիծէն ներս, Կիրակի 24 Մարտի երեկոյեան, ժողովին մասնակցողները, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի գլխաւորութեամբ, ընդունուեցան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ, նախագահական պալատին մէջ։

Հանդիպման սկիզբին նախագահի անձնակազմի ներկայացուցիչը ընթերցեց յատուկ հրամանագիր՝ որով Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ ընկ. Գասպար Կարապետեանը կը պարգեւատրուէր Արցախի «Վաչագան Բարեպաշտ» շքանշանով՝ իր ունեցած ներդրումին համար Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն եւ Արցախի միջազգային ճանաչման գործընթացին մէջ Եւրոպայի տարածքին։

Յուզումի մթնոլորտի մէջ եւ ներկաներու երկար ծափողջոյններուն տակ, Արցախի նախագահը զարդարեց ընկ. Գասպար Կարապետեանի կուրծքը շքանշանով։

Յաջորդաբար, խօսք առաւ պարգեւատրեալ ընկերը, որ նախ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց նախագահին, ապա շեշտեց թէ որպէս Հ.Յ.Դաշնակցութեան անդամ, ան իր ծառայութեան բոլոր միջոցները ի սպաս դրած է հայութեան արդար դատին հետապնդման ու Արցախի հիմնահարցի ճանաչման համար Եւրոպական ատեաններուն մօտ։