Քեսապահայութեան բռնի տեղահանման դէմ՝ Յունահայութիւնը բողոքի նամակ յանձնեց Յունաստանի մօտ Ամերիկայի դեսպանութեան

Նամակ յղուած է դեսպան Տէյվիտ Փիրսի միջոցաւ ԱՄՆ պատկան մարմիններուն

Երէկ, Չորեքշաբթի 2 Ապրիլի կէսօրուան ժամերուն, Յունաստանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան մէջ, նախապէս ճշդուած ժամադրութեամբ, հանդիպում տեղի ունեցաւ Յունահայ գաղութը եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբը ներկայացնող եռանդամ պատուիրակութեան մը եւ ԱՄՆ դեսպանութեան պաշտօնատարներու միջեւ:

Եռանդամ պատուիրակութիւնը կը բաղկանար Յունահայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն եպս. Տողրամաճեանի ներկայացուցիչ Տ. Հրայր Աւ. քհնյ. Նիկոլեանի, Յունահայոց Ազգային Վարչութեան ատենապետ Արա Մանկոյեանի եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչ Յակոբ Աւագեանի կողմէ: Պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ ԱՄՆ դեսպանութեան քաղաքական հարցերու բաժանմունքի պետ Փեկի Ուոքըրի եւ դեսպանութեան քաղաքական հարցերու պաշտօնակատար Քրիստինա Լէի կողմէ:
Հանդիպման նպատակն էր ԱՄՆի դեսպան Տէյվիտ Փիրսին եւ իր միջոցաւ ԱՄՆ պատկան մարմիններուն փոխանցել Քեսապահայութեան բռնի տեղահանման ու Քեսապի բռնագրաւման հարցի կապակցութեամբ Թուրքիոյ մեղսակցութեան փաստերը ու խնդրել ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամայի ու ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան ճնշիչ դերակատարութիւնը ու սկըզբունքային դիրքորոշումը, այս հարցի վերաբերեալ:
Նամակին մէջ մանրամասն տեղեկութիւններ պարզուած են, ուր դիտել կը տրուի «Ալ Քայտա»ի ահաբեկչական խմբաւորման հետ առընչութիւն ունեցող զինեալներու ներկայութիւնը Քեսապի մէջ, որ Կիլիկեան Հայաստանի մաս կազմող պատմական քրիստոնէական բնակավայր է:
Նամակի բովանդակութեան առընթեր, պատուիրակութեան անդամները կէս ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին, արծարծեցին հարցի բոլոր կողմերը, համոզում յայտնելով թէ ԱՄՆ ուժն ու կարելիութիւնը ունի կասեցնելու Թուրքիոյ մեղսակցութիւնն ու դերակատարութիւնը Քեսապի բռնագրաւման դէմ:
Շեշտուեցաւ նաեւ մարդասիրական օգնութեան անհրաժեշտութիւնը, Քեսապէն այլ շրջաններ ապաստանած հայութեան համար:
Երկու պաշտօնատարները իրենց կարգին դիտել տուին թէ ԱՄՆ շարունակաբար կը զբաղի Սուրիոյ պատերազմի եւ ժողովուրդի դիմագրաւած ծանր պայմաններով, մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելով:
Յաջորդաբար տեղեկութիւններ փոխանցուեցան յունահայ համայնքի եւ կառոյցներու գործունէութեան շուրջ: Ի մասնաւորի երկու պաշտօնատարները հետաքրքրութիւն ցոյց տուին գաղութի գործունէութեան շուրջ:
Հանդիպումը աւարտեցաւ կառուցողական ու ջերմ մթնոլորտի մէջ: Պատուիրակութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար, ինչպէս նաեւ երկու պաշտօնատարներու պատրաստակամութեան համար՝ որոնք ստանձնեցին նամակը ԱՄՆ դեսպանին անմիջապէս փոխանցելու պարտականութիւնը:

ՆԱՄԱԿՆԵՐ՝ ԵՒՐՈՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐՈՒՆ

Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը Քեսապի հարցով նամակներ յղեց Յոյն եւ Կիպրացի եւրոերեսփոխաններուն, Քեսապահայութեան տեղահանման հարցի բոլոր տուեալները պարզելով, Թուրքիոյ մեղսակցութեան դերակատարութիւնը մատնանշելով եւ մարդոց իրաւունքներու պաշտպանութեան սկզբունքային կեցուածք պահանջելով:

ԹՌՈՒՑԻԿՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՈՒՄ ԱԹԷՆՔԻ ԵՒ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ ՄԷՋ

Քեսապի հարցի մասին յոյն հասարակութիւնը տեղեակ պահելու իմաստով, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութիւնը վաղը Ուրբաթ օր, Աթէնքի Սինտաղմա եւ Թեսաղոնիկէի Արիստոտելուս հրապարակներուն վրայ, թռուցիկներ պիտի բաժնէ, բողոքելով Քեսապի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութեանց եւ միջազգային քաղաքական հանրութեան անտարբերութեան մասին:

ԱԶԱՏ ՕՐ

Նկար՝ ԱՄՆ դեսպանատուն, Աթէնք