Երեքշաբթի 29 Յունուար 2019-ին, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ՝ Գասպար Կարապետեանը եւ Գրասենեակի գործադիր տնօրէնուհի՝ Հեղինէ Էվինյանը աշխատանքային հանդիպում մը ունեցան Հայաստանի հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Եւրոնեսթ»-ի պատուիրակութեան անդամներուն եւ պատուիրակութեան նախագահ Մխիթար Հայրապետեանին հետ, Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանատան մէջ:
Հանդիպման ընթացքին Հեղինէ Էվինյանը վերահաստատեց Գրասենեակին պատրաստակամութիւնը լիովին օժանդակելու Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութիւններուն, որոնք կը գործուղուին Պրիւքսէլ կամ Սթրազպուրկ, մասնաւորապէս «Եւրոնեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովին գալիք պատուիրակութիւններուն:
Առաւօտեան, Պրիւքսէլ ժամանած հայաստանեան պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ Եւրոպական միութեան արեւելեան գործընկերութեան «Եւրոնեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովին՝ Եւրոպական խորհրդարանէն ներս:
Ամփոփելով հանդիպումը՝ Գասպար Կարապետեան ըսաւ.- «Եւրոխորհրդարանի անդամներէն զատ, «Եւրոնեսթ»-ին մէջ ներկայացուած են Արեւելեան գործընկերութեան հարեւան երկիրներու (Մոլտաւիա, Ուքրանիա, Վրաստան, Հայաստան եւ Ազրպէյճան) խորհրդարաններու անդամները: Բնականաբար, իւրաքանչիւր երկրի պատուիրակութիւն կը փորձէ բանաձեւերը տանիլ հոն, ուր կը նպաստէ իր երկրի քաղաքականութեան: Հայանպաստ բանաձեւեր ստանալու համար շատ կարեւոր է ապահովել յատկապէս Եւրոխորհրդարանի անդամներուն աջակցութիւնը: «Եւրոնեսթի» հիմնադրման առաջին իսկ օրէն աշխոյժ ներկայութիւն ըլլալով, Հայ Դատի Գրասենեակը յատկանշուած է օժանդակութիւն եւ աջակցութիւն բերելով այս գործին: Պատուիրակութեան նորանշանակ նախագահ պարոն Հայրապետեանը շնորհաւորելէ ետք, անոր հետ հանդիպման ընթացքին համաձայնեցանք որ պէտք է պահել ՀՀ ԱԺ – ՀՅԴ Հայ Դատ արդիւնաւէտ փոխգործակցութեան բարձր մակարդակը, որ կը բխի միայն մեր ժողովուրդի եւ պետութեան շահերէն»:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Գրասենեակ