Ուրբաթ, 25 Յունուար 2019-ի յետմիջօրէին, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահէ Անտոնեան եւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան Շրջանի ատենապետ Յակոբ Տէր Յակոբեան աշխատանքային հանդիպում մը ունեցան Գանատայի Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի Առողջապահութեան նախարար Ատրիան Տիքսի հետ, նախարարին Վանգուվըրի գրասենեակին մէջ:
Հանդիպման ընթացքին նախարարին ներկայացուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան եւ ժողովուրդին ներկայ իրավիճակը, արձանագրուած յաջողութիւններն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ զանազան երկիրներու եւ նահանգներու Արցախի զօրակցութեանց ու աջակութեանց մասին:
Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները, հրաւիրեցին նախարարը, որ այցելէ Արցախ եւ Հայաստան: Նախարարը ընդունեց հրաւէրը եւ վստահեցուց, որ ամենէն յարմար առիթին պիտի իրականացնէ սոյն այցելութիւնը: Ան խոստացաւ նաեւ Արցախն ու հայութիւնը յուզող զանազան հարցերու քննարկման համար յատուկ հանդիպում մը նախաձեռնել Գանատայի վարչապետին հետ: