Հայ Դատը Մատրիտեան Սկզբունքները Մերժելու Արշաւի Կը Նախաձեռնէ

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- 24 Յունուարին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ արձանագրուած տեսագրութեամբ մը կոչ ըրաւ՝ միանալու Արցախի տագնապի լուծման համար առաջադրուած Մատրիտեան սկզբունքները մերժելու Հայ Դատի նախաձեռնած արշաւին՝ միայն խաղաղութեան խոստումներու փոխարէն հողային զիջումներ կատարելու առաջարկը անպատասխանատու եւ վտանգաւոր որակելով։

Արշաւին մասնակցութիւն բերելու համար այցելել՝ anca.org/madrid կայքէջը։

«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները «համաձայնած են այն հարցին շուրջ, որ պէտք է յստակ քայլերու ձեռնարկել՝ երկու ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու համար», իր կարգին կը գրէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան՝ ակնարկելով անցեալ շաբաթ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն հրապարակած այն յայտարարութեան, որ կը վերաբերէր Փարիզի մէջ տեղի ունեցած՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին։

«Կողմերը «խաղաղութիւն» կ՛ու-զեն, ատիկա յստակ է, սակայն «սատանան մանրամասնութիւններուն մէջ է», զորս կ՛արժէ ուսումնասիրել հիմա, որովհետեւ տակաւին քաղաքավարի դիւանագիտութեան պատճառով՝ դառն ափսոսանքով ետ չենք նայած:

Սեղանի վրայ դրուած համաձայնութիւնը յայտնի է իբրեւ Մատրիտեան սկզբունքներ: Անոնք Արցախին կոչ կ՛ուղղեն՝ նախնական, ռազմավարական, տարածքային եւ անդառնալի զիջումներ կատարելու Ատրպէյճանի անորոշ եւ շրջելի խոստումներուն դիմաց, այսինքն՝ հող՝ փաստաթուղթի դիմաց:

Յանուն «խաղաղութեան»՝ այս գործարքին աջակցիլը հայերէն պիտի պահանջէ հրաժարիլ ո՛չ միայն գիտակցութենէն, այլ նաեւ ինքնապահպանման բնազդէն, զանոնք մղելով, որ.

Հաւատան, թէ Արցախի այս հսկայական տարածքներու յանձնումը ձեւով մը Արցախը պիտի դարձնէ աւելի ապահով կամ Ատրպէյճանը նուազ յարձակողապաշտ.

Հաւատան, թէ Արցախի կողմէ տարածքներու յանձնումէն ետք Ատրպէյճան պիտի հրաժարի Արցախի գերիշխանութեան դէմ իր նկրտումներէն.

Հաւատան, որ եթէ Ատրպէյճան վերականգնէ Արցախի «ինքնավարութիւն»ը (խորհրդային շրջանի ոճով), այդ պիտի յանգեցնէ խաղաղ եւ կայուն համակեցութեան.

Հաւատան, թէ Արցախի շուրջ տեղակայուած միջազգային խաղաղապահները իսկապէս պիտի վտանգեն իրենց կեանքը՝ արգելակելու համար ատրպէյճանական նոր յարձակումները.

Հաւատան, որ արդարացի է Արցախի զիջումները, երբ Ատրպէյճան կը յետաձգէ իր անորոշ եւ յաճախ փոխուող խոստումներու իրականացումը.

Հաւատան, որ Արցախը պէտք է միջազգային համաձայնագիրի առարկայ ըլլայ՝ առանց անոր լիիրաւ մասնակցութեան», կը յայտնէ Համբարեան։

Ըստ անոր՝ բնակչութիւնը խաղաղութեան նախապատրաստելու մասին խօսակցութիւնները սին են, եթէ չկայ համապատասխան թափանցիկութիւն, որ առիթ պիտի տայ հանրութեան իրապէս հիմնաւորուած որոշումներ տալու:

Յստակ պատկերացում կազմելու համար, ըստ Արամ Համբարեանի, հարկ է ստանալ հետեւեալ հարցերուն պատասխանները.

– Բանակցութիւններուն հիմքը Մատրիտեան սկզբունքներն ե՞ն.

– Որո՞նք են քննարկուող համաձայնագիրին ծիրերը.

– Ի՞նչ պիտի ըլլայ Արցախի դերը.

– Ալիեւ հրաժարա՞ծ է իր «երբեք առանց Արցախի» դիրքորոշումէն.

– Ո՞ր դրոյթներն են առաջնահերթ եւ որո՞նք՝ երկրորդական.

– Ի՞նչ է յետաձգուող յանձնառութիւններու իրականացման երաշխիքը.

– Ի՞նչ երաշխիքներ պիտի առաջարկուին նոր յարձակումը կանխելու համար.

– Որո՞նք են խաղաղապահներէն իրական ակնկալիքները.

– Վաւերացման պարագային, ինչպէ՞ս կեանքի պիտի կոչուի համաձայնագիրը՝ կարճաժամկէտ, միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ հեռանկարի վրայ:

Ըստ Արամ Համբարեանի՝ պէտք է լաւագոյնի յոյսը փայփայել, բայց Արցախի հարցով պէտք է նկատի առնել պատմութեան դասերը եւ աշխարհագրական դիրքը եւ նախապատրաստուիլ վատագոյնին: «Անխոհեմ մտածողութեան ժամանակը չէ», կ՛եզրակացնէ Համբարեան:

asbarez.com