(ԳԱՆՁԱՍԱՐ) Եւրոպայի տարածքին Հայ Դատի գրասենեակի բացման 15-ամեակին առիթով, Հայ Դատի աշխատանքները համակարգելու, այդ աշխատանքներուն նոր թափ տալու եւ ընդարձակելու նպատակով, Պրիւքսէլի Հայ տան մէջ 27-28 Մայիս 2017-ին ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի տարածքին գործող Հայ Դատի յանձնախումբերու երկօրեայ խորհրդաժողովը:
Խորհրդաժողովին մասնակցեցան Եւրոպայի տարածքին գործող` Անգլիա, Յունաստան, Ռումանիա, Շուէտ, Գերմանիա, Աւստրիա, Լեհաստան, Պելճիքա, Հոլանտա, Ֆրանսա, Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ Չեխիայէն ու Ջաւախքէն հասարակական կազմակերպութիւններու շուրջ 35 ներկայացուցիչներ:
Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի բացման 15-ամեակին նուիրուած այս խորհրդաժողովին առիթով, «Գանձասար» Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի ատենապետ Գասպար Կարապետեանի հետ հարցազրոյց մը ունեցաւ` հայ հանրութեան ներկայացնելու ԵՀԴ գրասենեակի աշխատանքներուն այժմէականութիւնը ու գրասենեակին դիմագրաւած մարտահրաւէրները:
«Գանձասար».- Պրն. Գասպար, իբրեւ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի ատենապետ, ներկայ պայմաններու լոյսին տակ ինչպէ՞ս կը գնահատէք նախորդ 15 տարիներու Պրիւքսէլի գրասենեակին գործունէութիւնը:
Գասպար Կարապետեան.- Եւրոպական խորհրդարանի Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք (1987), նկատի առնելով Եւրոպական Միութեան կարեւորութիւնը համաշխարհային քաղաքական գործընթացներուն մէջ, 2002-ին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյին որոշումով, Պրիւքսէլի մէջ սկսաւ գործել Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը` նպատակ ունենալով հաստատել անմիջական յարաբերութիւններ ԵՄ-ի կառոյցներու պատասխանատուներուն եւ ներկայացուցիչներուն հետ:
Այսօր, 15 տարուան մեր աշխատանքը կը թարգմանուի Եւրոպացի մեծաթիւ պատգամաւորներու հետ մեր յարաբերութիւններով: Այդ հանդիպումները յաճախ ընկերային հանգամանք ունէին: Պատգամաւորները մեզ կը զօրակցին Հայ Դատի առնչուող բոլոր հարցերուն մէջ, ինչպէս` Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքի հաստատման գործընթացին, ՀՀ-ԵՄ յարաբերութիւններուն, սուրիահայերու զօրակցութեան, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն լուսարձակի տակ բերման եւայլն:
Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակին գործունէութիւնը կարեւոր եղած է նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի Եւրոպական միութեան հետ քաղաքական դիւանագիտութեան զարգացման առումով, մանաւանդ խորհրդարանական պատուիրակութիւններու փոխյարաբերութեամբ, Արցախի ընտրութիւններու եւ հանրաքուէներու միջազգային դիտորդներու ուղարկման առաքելութեամբ, Արցախի նախագահին Պրիւքսէլ այցելութիւններու եւ քաղաքական հանդիպումներու կազմակերպութեամբ, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ զանազան ձեռնարկներու կազմակերպութեամբ, Եւրոպայի մէջ տարբեր փոքրամասնութիւններու հետ յարաբերութիւններ մշակելով եւ հայրենի թէ սփիւռքահայ մամուլին համար լրատուական գործօն հանդիսանալու հանգամանքով:
Բնականաբար այս բոլորը իրականացնելը անկարելի պիտի ըլլար առանց մեր նուիրատուներուն օժանդակութեան:
«Գ.»- Նախորդ 15 տարիներու գնահատելի ու հարուստ փորձառութենէն մեկնելով, որո՞նք են Հայ Դատի յաջորդող շրջաններու մարտահրաւէրներն ու համապատասխան մարմիններու ռազմավարութիւնը:
Գ.Կ.- Յաջորդ ժամանակաշրջանին որդեգրուելիք ռազմավարութիւնը եւ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակին առաջնահերթութիւնները պիտի ըլլան.- հետապնդել Արցախի ժողովուրդին ազատ ինքնորոշման իրաւունքի միջազգայնացման գործընթացը, մասնակցիլ Արցախի Հանրապետութիւնը քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային մեկուսացումէն եւ թուրք-ատըրպէյճանական աշխարհաքաղաքական շրջափակումէն դուրս բերելու աշխատանքին, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրական պայքարը ճանաչման եւ դատապարտման դաշտէն տեղափոխել հատուցման դաշտ:
Իսկ ինչ կը վերաբերի մեր յառաջիկայ անմիջական աշխատանքներուն, ունինք բաւականին կարեւոր եւ աշխոյժ շրջան մը:
Քաղաքական եւ խորհրդարանական պատուիրակութիւններ պիտի շարունակեն այցելել Արցախ: Յաջորդ այցելութիւնը, օրինակ, տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբերին:
Հոկտեմբերի 16-ին եւ 17-ին, Եւրոխորհրդարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպահայութեան 4-րդ համագումարը` ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակին կազմակերպութեամբ, ուր կը սպասուի մեծ թիւով քաղաքական եւ քաղաքա- ցիական անձնաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ Եւրոպահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը` արծարծելու համար հայութեան առջեւ պարզուած մարտահրաւէրները եւ անոնց յաղթահարման միջոցները:
Նոյեմբերին, ինչպէս արդէն տեղեակ էք, հաւանաբար ստորագրուի ԵՄ-ՀՀ համաձայնագիրը, որուն մօտէն կը հետեւինք եւ կը բերենք մեր օժանդակութիւնը:
«Գ».- Վերջին ժամանակաշրջանին ակնյայտ դարձած է ԵՄ–ի մէջ ատրպէյճանական պետականօրէն դրսեւորուող ու քարոզչականօրէն ծաւալող հակահայ գործունէութեան նոր մարտավարութիւնն ու իրողութիւնները նենգափոխելու մոլուցքը: Երեւոյթ մը, որ մեզմէ կը պահանջէ մասնագիտական համակարգուած պատրաստուածութիւն ու հակազդելու արդի հունաւորում: Որո՞նք են այս ուղղութեամբ օգտագործելի կարեւորագոյն միջոցները:
Գ.Կ.- Յստակ է որ Ատրպէյճանի մէջ, ի մասնաւորի վերջին տարիներուն, հայատեացութիւնը (Armenophobia) ուղղակիօրէն հովանաւորուած է պետական ամենաբարձր մակարդակներու կողմէ:
Ապրիլեան պատերազմէն ետք, Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը իր առաջին զեկոյցին մէջ յայտարարած է, թէ 2016-ի Ապրիլեան ռազմական գործողութիւններու ընթացքին, ատրպէյճանական ուժերը թիրախ դարձուցած են քաղաքացիական շինութիւններ, դպրոցներ, երեխաներ ինչպէս նաեւ դաժան վայրագութիւններու ենթարկած են Թալիշ գիւղի բնակիչները: Այս ոճիրները հայատեացութեան ուղղակի հետեւանքներ են:
Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը իր զեկոյցը առաքած է Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական դատարան, որ ընդունած է զայն ուսումնասիրելու որոշում: Գրասենեակը կը փորձէ զեկոյցը տարածել Եւրոպական Միութեան հաստատութիւններուն մէջ, ընդգծելով որ Ատրպէյճանի այս հակահայ քաղաքականութիւնը կը փաստէ թէ Արցախի բնակչութիւնը իսկական ոչնչացման վտանգի մէջ կրնայ յայտնուիլ, եթէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը յարգուի:
Այս առումով անհրաժեշտ է լուսարձակի տակ պահել նաեւ Ատրպէյճանի մէջ իշխանութիւններուն կողմէ մարդու իրաւունքներու եւ խօսքի ազատութեան խախտումները: Յունիս ամսուան ընթացքին, ատրպէյճանցի լրագրող Աֆղան Մուխթարլիի առեւանգումէն ետք, Եւրոպական խորհրդարանը, բանաձեւով մը, խստօրէն դատապարտած է այս խախտումները:
Կրնանք նաեւ աւելցնել Մարտ ամսուան մէջ «Freedom Files Analytical Center» միջազգային կազմակերպութեան կողմէ հրապարակուած տեղեկագիրը, որ մանրամասնօրէն լոյսի տակ կը դնէ բոլոր այն եւրոպացի քաղաքական գործիչներու անունները, որոնք կաշառք ստացած են Ատրպէյճանի իշխանութեան կողմէն:
Այս բոլորը ծանր դժուարութեան տակ կը դնեն Ատրպէյճանը միջազգային հանրութեան դէմ:
«Գ»-15-ամեակի նուիրուած խորհրդաժողովէն ետք, ի՞նչ է մեր հայ երիտասարդութեան ուղղուած ձեր պատգամն ու սրտի խօսքը:
Գ.Կ.- Նախ կ՛ուզեմ անդրադառնալ Հայ Դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովին մեծ թիւով երիտասարդ մասնակիցներուն: Սա կը նշանակէ, որ Հայ Դատի յանձնախումբերը կը վերաթարմանան երիտասարդ ոյժերով, ինչ որ շատ առողջ երեւոյթ մըն է: Հայ Դատի գաղափարական պայքարին շունչը տակաւին երկար է: Մենք մեր երիտասարդներուն աշխոյժ ու կամաւոր մասնակցութեամբ է որ դէմ պիտի կրնանք դնել թուրք-ատրպէյճանական խաւիարային դիւանագիտութեան:
Հարցազրոյցը վարեց
Դոկտ. Արա Սայեղ