In Warsaw, Poland, by the initiative of the European Armenian Federation for Justice and Democracy (EAFJD) and in the presence of President Kaspar Karampetian, Armenian National Committee of Poland (ANC Poland) – Hay Tad was formed, in which the participating members are devoted to the promotion and success of the Armenian national goals and aims of our people.
With its plans and activities, the ANC of Poland will try to raise awareness within the friendly and hospitable public opinion and political leadership of Poland, regarding our issues and the fair demands of our people. Moreover, it will pursue Armenian issues in a dignified manner, by establishing close relations with the Embassy of the Republic of Armenia, along with the existing Armenian associations in Poland. The ANC welcomes any proposal and suggestion from the members of our community, hoping thus, that our compatriots in Poland will support actively the task at hand.
The ANC of Poland salutes all the Armenian National Committees worldwide, and believes that becoming part of that network of dedicated activists of the Armenian Cause will contribute to the success of our collective work.
During its first meeting the ANC of Poland adopted its basic working agenda and plan of activities for the months to come, which will be announced in due course.
In its turn, the EAFJD will provide all possible means and support to the development and strengthening of the ANC Poland, as well as its political initiatives, whenever that is felt necessary.
European Armenian Federation for Justice and Democracy (EAFJD)
Armenian National Committee of Poland – Hay Tad
Warsaw, 12 March 2014
ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆ
Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշավայի մէջ, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ եւ նախագահ Գասպար Կարապետեանի ներկայութեամբ, հիմնուեցաւ Լեհաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը, բաղկացած նուիրեալ եւ Հայ Դատի աշխատանքներուն մասնակից դառնալու պատրաստակամ անձերէ։
Լեհաստանի Հայ Դատի յանձնախումբին հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ իր գործունէութեամբ, ջանալ ա՛լ աւելի հաղորդ դարձնել հայ ժողովուրդին բարեկամ Լեհաստանի հանրային կարծիքն ու քաղաքական ղեկավարութիւնը, մեր հիմնահարցերուն եւ մեր ժողովուրդի արդար պահանջներուն շուրջ: Նաեւ պիտի ջանայ սերտ յարաբերութիւններ հաստատել ՀՀ դեսպանութեան եւ գաղութային միութիւններուն հետ, արժանավայել կերպով հետապնդելու մեր ազգային հարցերուն հոլովոյթը: Հայ Դատի յանձնախումբը ուրախութեամբ պիտի ընդառաջէ բոլոր մեր հայրենակիցներուն առաջարկներուն եւ տեսակէտներուն քննարկման, ակնկալելով, որ մեր համայնքը պիտի գործնական կերպով սատարէ յանձնախումբի աշխատանքներուն:
Լեհաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը կ’ողջունէ բոլոր հայագաղութներուն մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերը, հաւատալով որ ինք ալ դառնալով այդ ազգանուէր մեծ ցանցին մէկ մասնիկը, պիտի ունենայ իր ներդրումը միասնական աշխատանքներուն յաջող իրագործման:
Լեհաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը, իր առաջին նիստին, որդեգրեց աշխատանքային հիմնական իր ուղեցոյցը եւ կատարեց ծրագրումներու շարք մը, որոնք մօտ յառաջիկային պիտի դառնան հանրութեան սեփականութիւնը:
Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր կարգին պիտի ընձեռէ հնարաւոր բոլոր միջոցներն ու աջակցութիւնը թէ՛ Հայ Դատի յանձնախումբի կայացման եւ հզօրացման աշխատանքներուն, թէ՛ ուր որ անհրաժեշտ է իր կողմէ առնուելիք քաղակաքան նախաձեռնութիւններուն:
Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբ,
Լեհաստանի Հայ Դատի յանձնախումբ
Վարշավա, 12 Մարտ 2014