Հոլանտայի Ալմելօ Քաղաքին Մէջ Պիտի Կառուցուի Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յուշահամալիր

ՄԱՆՈՒԿ ՄԿՐՏՉԵԱՆ

Կիրակի, Մարտ 9ին, Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ հիւրընկալուեցաւ Քրիստոնեայ-դեմոկրատական խնձոր (CDA) կուսակցութեան անդամ, Հոլանտայի խորհրդարանի պատգամաւոր, Եւրոխորհրդարանի անդամ Պիթեր Օմտզիխտ: Անոր կ՛ուղեկցէր Ալմելոյի ՔԴԽ կուսակցութեան նախագահ Իրենէ Տեն Սելտամը եւ քաղաքապետարանի աւագանիի անդամ Եան Վան Մարլէն:
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Հայ Դատի յանձնախումբի, «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութեան, ՀՄԸՄի եւ ՀԲԸՄի ներկայացուցիչներ:
Հանդիպումին քննարկուեցան հետեւեալ հարցերը.
1. Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ.
ա. Միջազգային ճանաչում եւ դատապարտում.
բ. Ինչ հակադարձ գործողութիւններ կրնան կատարել Հոլանտայի իշխանութիւնները թրքական եւ ատրպէյճանական մերժողական եւ ռազմատենչ քաղաքականութեան դէմ.
2. Հայկական դպրոց ունենալու անհրաժեշտութիւնը.
3. Հայերու վիճակը Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ մէջ.
4. Հայաստան-Հոլանտա մերձեցում (յատկապէս տնտեսական ոլորտէն ներս):
Օննիկ Գելիճիի կողմէ բարձրացուեցան հարցեր հայերու աշխատանքի տեղաւորման վերաբերեալ, հայկական գերեզմանատուն ունենալու պահանջը, ՀՄԸՄի, յատկապէս Հայ սկաուտներուն համար սեփական շէնք ունենալու պահանջը, ինչպէս նաեւ ներկայացուեցան աւագ սերունդի խնամքի եւ բնակարանային համալիր ծրագիրի մը վերաբերեալ հարցեր:
Օննիկ Գելիճիի առաջարկով պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ 6 ամիսը անգամ մը կազմակերպել հանդիպումներ՝ բարձրացուած հարցերու եւ կատարուած աշխատանքներու վերաբերեալ:
Հանդիպումն անցաւ ջերմ եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ:
ՀԱԵ հողատարածքին կը կառուցուի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր Ծիծեռնակաբերդի նմանութեամբ, որուն բացումը նախատեսուած է Ապրիլի 24ին: Հիւրերը հրաւիրուեցան ներկայ գտնուելու բացման արարողութեան:

(Վերածուած արեւմտահայերէնի)

ԱՍՊԱՐԷԶ