ANC-AU congratulates Gladys Berejiklian, the Armenian-Australian elected Premier of NSW

SYDNEY: The Armenian National Committee of Australia (ANC-AU) has congratulated prominent community member, Gladys Berejiklian on her ascension to the position of Premier of the country’s largest state of New South Wales (NSW) following the resignation of Mike Baird.

The NSW Liberal Party met on the morning of Monday, 23rd January to choose its new parliamentary party leader, and elected the unopposed team of Treasurer Berejiklian and Finance Minister Dominic Perrottet, who will be Deputy. The 46-year-old granddaughter of Armenian Genocide survivors was therefore confirmed as the first female Liberal Party Premier and will lead the state of 7.5 million until at least the next elections in 2019.

ANC-AU congratulated Berejiklian on behalf of the Armenian-Australian community, many of whom personally know the new Premier.

Berejiklian has been involved in many community Armenian community organisations since her youth, from her scouting and basketball days under the Homenetmen Australia banner, to her days as an outspoken up-and-comer in the Armenian Youth Federation of Australia, all the way to her learning and practicing the political ropes as a Board member of the Armenian National Committee of Australia.

Before the community had an Armenian day school, Berejiklian attended Hamazkaine’s Saturday School during her student years and is fluent in Armenian, the only language she spoke until the age of five. She continues to be ever-present in the Sydney Armenian community.

Since her election as the NSW State Member for Willoughby in 2003, Berejiklian has been instrumental in representing Armenian community concerns in Parliament and educating her fellow parliamentarians on issues of importance, including Federal Australian recognition of the Armenian Genocide and the rights to self-determination of Armenians of the Republic of Nagorno Karabakh.

The State of NSW has twice recognised the Armenian Genocide and has a Khatchkar in the Parliament House’s Peace Garden in memory of the 1.5 million Armenians who were massacred at the hands of the Ottoman Empire in 1915. NSW has also recognised the rights to self-determination for the Armenians of the Republic of Nagorno Karabakh.

Berejiklian was instrumental in helping ANC-AU organise the visit to Armenia and Nagorno Karabakh by a delegation of politicians in 2013. This visit to Nagorno Karabakh earned her a place on Azerbaijan’s persona-non-grata list, along with her fellow delegation members.

ANC-AU Managing Director, Vache Kahramanian commented: “Our community continues to be proud of Ms Berejiklian as she is an inspiration to all Armenian-Australians. This latest achievement is testament to her hard work on behalf of the people of New South Wales since entering public office in 2003, and we at the Armenian National Committee look forward to continuing working with her in the State’s highest office.”

Berejiklian has been awarded the Armenian-Australian Community’s Friend of the Year by ANC-AU, as well as earning a Medal of Gratitude by the President of the Republic of Nagorno Karabakh, Bako Sahakyan.

ANC-AU has also congratulated Mike Baird on his service as Premier of NSW for the past three years.

Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը շնորհաւորէ Նիու Սաութ Ուէլզ Նահանգի Նորընտիր Նահանգապետ Հայազգի Գլատիս Պէրէճիքլեանը

Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը Երկուշաբթի 23 Յունուար 2017ին շնորհաւորեց համայնքի անդամներէն համեստափայլ Օրիորդ Գլատիս Պէրէճիքլեանը Աւստրալիոյ Նիու Սաութ Ուէլզ նահանգի նահանգապետ ընտրուելուն առիթով:

Նիու Սաութ Ուէլզ նահանգի Ազատական (Liberal) Կուսակցութիւնը իր 23 Յունուարին գումարած ժողովին ընթացքին միաձայնութեամբ ընտրեց նահանգի գանձապահ Գլատիս Պէրէճիքլեանն ու նահանգի առեւտուրի նախարար Տոմինիք Բէրոթէն ստանձնելու համար կուսակցութեան ղեկավարութիւնը: Ցեղասպանութենէն վերապրող ընտանիքի թոռը դարձաւ նահանգի ազատական կուսակցութեան պատմութեան մէջ առաջին իգական սեռին պատկանող 7,5միլիոն բնակիչ հաշուող Նիու Սաութ Ուէլզ նահանգին նահանգապետը, մինչեւ 2019 թուական:

Աւստրալիոյ Հայ համայնքին անունով Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհաւորեց նորընտիր նահանգապետը:

Իր երիտասարդութեան օրերէն Պէրէճիքլեան բերած է իր աշխուժ մասնակցութիւնը Աւստրալահայ գաղութի զանազան միութիւններուն իբրեւ ՀՄԸՄի սկաուտ եւ մարզիկ, ապա աչքառու դէմք մը եղած է Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան մէջ իսկ իր քաղաքական ասպարէզի անդրանիկ քայլերը առած է Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակներէն ներս:

Նահանգապետը յաճախած է Համազգայինի Թարգմանչաց շաբաթօրեայ վարժարանը, երբ Աւստրալիոյ մէջ ամէնօրեայ վարժարան գոյութիւն չունէր: Ան լաւապէս կը տիրապետէ Հայերէն լեզուին, որ եղած էր իր խօսած միակ լեզուն մինչեւ հինգ տարեկան:

Պէրէճիքլեան 2003 թուականին ընտրուած է Նիու Սաութ Ուէլզ նահանգի խորհրդարանի անդամ իբր ներկայացուցիչ հայաշատ Ուիլուպի ընտրաշրջանին: Ան ունեցած է իւրայատուկ դերակատարութիւն եւ բարձրաձայնած Աւստրալահայ համայնքին մտահոգութիւններն ու դժուարութիւնները: Ան մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Նիու Սաութ Ուէլզ նահանգի Ցեղասպանութեան եւ ԼՂՀ ճանաչման աշխատանքներուն մէջ:

Նիու Սաութ Ուէլզ նահանգը ճանչցած է Ցեղասպանութիւնը: Ցեղասպանութեան նուիրուած խաչքար մը զետեղուած է Նիու Սաութ Ուէլզ նահանգի խորհրդարանի խաղաղութեան այգիին մէջ ի յիշատակ Ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած 1,5 միլիոն անմեղ հայորդիներուն: Նահանգը նաեւ ճանչցած է ԼՂՀ ինքնորոշման իրաւունքը:

2013 թուականին Պէրէճիքլեան օժանդակեց Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած դիւանագէտներու խումբի Հայաստան եւ Արցախ այցելութեան ծրագրին: Արցախ այցելութեան արդիւնքով Պէրէճիքլեանի եւ իր ընկերակիցներուն անունները կը գտնուին Ազրպէյճանի սեւ ցանկին մէջ:

Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ տնօրէն Վաչէ Գահրամանեան յայտարարեց. <<Մեր համայնքը հպարտ է Գլատիս Պէրէճիքլեանի արձանագրած յաջողութիւններով: Ան ներշնչման աղբիւր է մեր գաղութի բոլոր զաւակներուն: Այս յաջողութիւնը կու գայ վկայելու թէ 2003 թուականէն ի վեր Գլատիսի տարած աշխատանքը գնահատուած է ոչ միայն մեր համայնքին այլ ամբողջ նահանգին կողմէ:>>:

Պէրէճիքլեան արժանացած է Հայ Աւստրալական Բարեկամութեան Մրցանակին ինչպէս նաեւԵրախտագիտութեան Շքանշանին տրուած ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ:
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ շնորհաւորեց հրաժարեալ նահանգապետ Մայք Պէյրտի տարած աշխատանքը վերջին 3 տարիներու պաշտօնավարութեան ընթացքին:


Հայազգի Գլադիս Բերեջիկլյանը՝ Նոր Հարավային Ուելս նահանգի վարչապետ

Australian-Armenian Gladys Berejiklian Becomes Premier of Australia’s Largest State

(ARMENIAN WEEKLY, extract) “We join Armenians across Australia and around the world in congratulating Gladys Berejiklian on her election as the 45th Premier of New South Wales,” Armenian National Committee of America (ANCA) Communications Director Elizabeth Chouldjian told the Armenian Weekly, commenting on Berejiklian’s appointment. “A world-class leader of the first order, she has earned the respect of her nation, rising to the heights of Australian government, while remaining true to her deep roots in this great U.S. ally’s vibrant Armenian community—as so well illustrated by her service to the AYF, Homenetmen, and the Armenian National Committee,” Chouldjian added.

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարի Շնորհաւորական Ուղերձը Գլատիս Պէրէճիքլեանին

(ARMENIA ONLINE) Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան շնորհաւորական ուղերձ մը ղրկած է Աւստրալիոյ Նիու Սաութ Ուէլզ նահանգի նորընտիր նահանգապետ Գլատիս Պէրէճիքլեանին որուն մէջ կը շնորհաւորէ նահանգապետին ընտրութիւնը:

Ուղերձին մէջ տիկին նախարար բարձր գնահատած է Հայազգի նահանգապետին տարած աշխատանքը թէ՝ Աւստրալահայ գաղութէն ներս եւ թէ՝ Աւստրալիական քաղաքական ասպարէզէն ներս:

Ստորեւ կը ներկայացնենք շնորհաւորական ուղերձը ամբողջութեամբ:

ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ՆԻՈՒ ՍԱՈՒԹ ՈՒԷԼԶ ՆԱՀԱՆԳԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ
ՕՐԻՈՐԴ ԿԼԵՏԻՍ ՊԵՐԵՃԻՔԼԵԱՆԻՆ
Ազնուափայլ Օրիորդ Կլետիս Պերեճիքլեան,

Հպարտութեան ու ուրախութեան աննկարագրելի զգացումներ ունեցայ, երբ ստացանք Ձեր` Աւստրալիոյ Նիու Սաութ Ուէլզ նահանգի վարչապետ ընտրուելու լուրը:

Սիրով, ջերմութեամբ եւ ազգային վառ ապրումներով կը շնորհաւորեմ Ձեզ` այս պատասխանատու, բարձր եւ պատուաբեր պաշտօնին նշանակուելու առիթով: Ուրախ եմ, որ առիթ ունեցայ Ձեզ մօտէն ճանչնալու եւ հասկնալու, որ Դուք Ձեր գեղեցիկ կենսագրութիւնը հիւսած էք ոչ միայն որակեալ եւ բարձր կրթութիւն ստանալով, ոչ միայն Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբէն ներս պաշտօնավարելով, այլ աւստրալական քաղաքական հարթակներուն արժանի տեղ եւ դեր ունենալու շնորհիւ: Ձեր տաղանդի, հնարաւորութիւններու, մարդոց հետ աշխատելու անզուգական կարողութեամբ Դուք քայլ առ քայլ յառաջընթաց ունեցաք` դրսեւորելով խելացի եւ բանիմաց քաղաքական, պետական գործիչին բնորոշ յատկանիշներ:

Դուք ներկայացուցիչն էք Աւստրալիոյ հայ համայնքին, որ երկար տարիներէ ի վեր, եւ նաեւ Ձեր շնորհիւ նուաճած է Աւստրալիոյ իշխանութիւններու եւ աւստրալացիներու վստահութիւնը` իր աշխատասիրութեան, նուիրումի, երկրի զարգացման գործին մէջ ունեցած աւանդի շնորհիւ:

Նիու Սաութ Ուէլզի թէ՛ օրէնսդիր եւ թէ՛ գործադիր իշխանութիւններու կազմին մէջ Ձեր բազմամեայ գործունէութեամբ բարձր կը պահէք Հայու պատիւը` իբրեւ ազգի արժանաւոր զաւակ եւ Աւստրալիոյ Միութեան լաւագոյն քաղաքացի:

Անգնահատելի է Ձեր աւանդը նաեւ համազգային նշանակութիւն ունեցող հիմնախնդիրները ամենատարբեր հարթակներէն բարձրաձայնելու միջոցով հասարակութեան լայն շերտերուն ներկայացնելու հայրենանուէր գործին մէջ: Ձեր անմիջական ջանքերու շնորհիւ է նաեւ, որ Նիու Սաութ Ուէլզ նահանգը պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ ԼՂՀ ժողովուրդի ինքնորոշման արդար իրաւունքը:

Ձեր ճկուն մտքով, լաւագոյն փորձով, աշխատասիրութեամբ ու նպատակասլացութեամբ, ինչպէս նաեւ համեստ ու առաքինի կեցուածքով ժամանակակից կնոջ, քաղաքական գործիչի լաւագոյն կերպարն էք:

Ինչպէս դեռ 12-րդ դարուն իրաւացիօրէն նշած է Մխիթար Գոշը. <<Կրթուած կանայք գանձ են հասարակութեան համար>>: Յիրաւի, Դուք իսկական գանձ էք աւստրալացիներու եւ համայն հայութեան` ի մասնաւորի աւստրալահայ համայնքի համար:

Մէկ անգամ եւս կը շնորհաւորեմ Ձեզ` մաղթելով անսպառ ուժ ու եռանդ` իրականացնելու Ձեր փխրուն ուսերուն դրուած բարդ ու պատասխանատու առաքելութիւնը` յանուն Աւստրալիոյ, Նիու Սաութ Ուէլզ նահանգի զարգացման եւ յառաջընթացի, յանուն հայ համայնքի զօրացման, յանուն երկու երկիրներու բարեկամութեան ամրապնդման եւ զարգացման:

Սիրով եւ բարեմաղթանքներով`
ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ