Հարցազրոյց ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Րաֆֆի Տօնապետեանի հետ

(ՀՈՐԻԶՈՆ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ, ԲԱՑԱՌԻԿ 2016) «Որպէս հայախօս գաղութ՝ Գանատան Սփիւռքի ամէնէն կայուն կռուաններէն մէկն է»

Հ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը Օթթաուայէն նպատակասլաց քաղաքական աշխատանք կը տանի: Այս տարի կայացաւ Հայ Դատի երկրորդ նուիրահաւաքը: Ի՞նչ էր նուիրահաւաքին նպատակը, եւ ո՞ւր հասան այդ աշխատանքները:

Ռ.Տ.- Այս նուիրահաւաքները առնուազն 50 տարիէ ի վեր տեղի կ’ունենան անատայի մէջ: Առնուազն կ՚ըսեմ, որովհետեւ երբ Սենթ Գաթրինզի նուիրահաւաքին մասնակցեցայ, կեդրոնի սրահներէն մէկուն մէջ նամակ մը կար, որուն մէջ յիշուած էր, որ 1915 թուականին, երբ գաղութիս մէջ տակաւին Հայ Դատի յատուկ յանձնախումբ չէր գործեր, այլ ՀՅԴ կոմիտէի անունով Հայ Դատին ի նպաստ աշխատանք կը տարուէր, Ապրիլ 24-էն մօտաւորապէս մէկ ամիս առաջ դրամահաւաք կազմակերպուած է՝ օժանդակելու համար Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ ապրող հայերուն: Հետեւաբար եթէ պրպտենք 1903-1904-ի արխիւները, վստահ որ գործունէութեան փաստաթուղթեր պիտի գտնենք, որովհետեւ Հարաւային Օնթարիոյի մեր գաղութները այդ օրերուն կազմաւորուած են: Իսկ մեր այսօրուան հասկացողութեամբ Հայ Դատի աշխատանքները ասկէ 50 տարիներ առաջ սկսած են, Եղեռնի 50-ամեակի պատմական այն օրերուն, երբ զարթօնքի շրջան կ՚ապրէր ամբողջ հայ ժողովուրդը:

Այս աշխատանքները միշտ դրամահաւաքներու կը կարօտին, որովհետեւ ծրագիրներ կան, որոնք միայն մեր կամաւոր բանակին ջանքերով չեն կրնար իրականանալ: Հայ Դատի յանձնախումբը եւ Կեդրոնական Կոմիտէն որոշեցին, որ այս տարուան նուիրահաւաքը 1-2 ամսուան ընթացքին կատարուին: Սկսանք Քեպէգէն՝ Լաւալ-Մոնթրէալէն, ապա Հարաւային Օնթարիոյի մէջ՝ Սենթ Գաթրինզ, Գէմպրիճ, Համիլթըն, որմէ ետք Թորոնթօ եւ վերջին անգամ Վանգուվըր: Այս ձեռնարկներուն ներկայացուեցան տեղական եւ շրջանային Հայ Դատի յանձնախումբերու աշխատանքներու զեկոյցներ եւ ծրագիրներ: Ձեռնարկներուն հիւր ունէինք ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որ Գանատայի ներկայացուցիչն է եւ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի ատենապետն է: Իւրաքանչիւր ձեռնարկի նաեւ հրաւիրած էինք Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն հիւրեր:

Հիմնականին մէջ այս բոլորին նպատակը յաջորդ տարիներու Օթթաուայի մէջ տարուելիք մեր Հայ Դատի աշխատանքներուն նպաստելն է: «Հորիզոն»ի մեր ընթերցողները տեղեակ են, որ ընկ. Սեւակ Պէլեան նշանակուեցաւ Հայ Դատի Օթթաուայի գրասենեակին գործադիր տնօրէն եւ արդէն աշխոյժ աշխատանքի սկսած է: Հայ Դատի յանձնախումբը ամիսներ առաջ Խորհրդարանի Հայաստանի Բարեկամներու խմբակցութեան նուիրուած ձեռնարկ մը իրագործեց, որուն մեծ թիւով երեսփոխաններ եւ երկու նախարարներ ներկայ էին: Զանազան հանդիպումներ տեղի ունեցան վերջին ամիսներուն ընթացքին նախարարներու եւ երեսփոխաններու հետ, որոնցմէ վերջին հանդիպումը Արտաքին Գործոց նախարարին հետ էր: Ընկ. Սեւակը, ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը եւ ընկ. Ժիրայր Պասմաճեանը հանդիպումներ ունեցան Ստեփան Տիոնին հետ, որուն ընթացքին օրակարգի վրայ էին Հայաստան-Գանատա յարաբերութիւնները, տնտեսական ծրագիրներ, Հայաստանի մէջ գանատական դեսպանատան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ յոյսով ենք, որ Արտաքին Գործոց նախարարը կ’ընդառաջէ իրեն ուղղուած հրաւէրին եւ որպէս Արտաքին Գործոց նախարար կ’այցելէ Հայաստան: Նշենք, որ Ստեփան Տիոնը, որպէս երեսփոխան, այցելած է թէ՛ Հայաստան եւ թէ՛ Ղարաբաղ: Սեղանի վրայ էր նաեւ Ջաւախքի եւ Արցախի հարցերը, եւ այս գծով կը հանդիպինք բոլոր երեսփոխաններուն եւ նախարարներու հետ Օնթարիոյ, Պրիթիշ Գոլոմպիա, Քեպէգ եւ այլուր, որպէսզի Հայ Դատի մեր ծրագիրները յաջողութեամբ ի կատար ածենք:

Հ.- Այստեղ փակագիծ մը բանալով նշենք, որ մօտաւորապէս տասնամեակէ մը ի վեր թրքական եւ ատրպէյճանական հակահայ քարոզչութիւնը, յատկապէս Հիւսիսային Ամերիկայի ցամաքամասին վրայ շատ մեծ թափ ստացած է, մանաւանդ այն երեւոյթը, որ Նիւ Եորքի եւ Օթթաուայի մէջ կը պատահի, երբ Ապրիլ 24-ի մեր հայկական ժողովորդային հաւաքներուն ընթացքին հակացոյց կը կատարուի մեզի դէմ: Ի՞նչ ծրագիրներ ունի Հայ Դատի յանձնախումբը սանձելու համար նման հակահայ քարոզչութիւններ:

Ռ.Տ.- Նախ ըսեմ, որ այս հակահայ աշխատանքները կազմակերպուած են դեսպանատան կողմէ՝ թրքական կառավարութեան մղումով անշուշտ, նոյնիսկ փաստացի տուեալներ ունինք, որ ցոյցերուն մասնակցողները կը վճարուին: Մենք բնաւ պիտի չարտօնենք, որ այսպիսի հակազդեցութիւններ որեւէ ձեւով ազդեն մեր ապագայ ծրագիրներուն վրայ: Մեր նպատակը յստակ է, եւ մեր աշխատանքները պիտի շարունակուին: Սակայն նշենք, որ նման ցոյցեր միայն երեւելի երեսն են այդ հակահայ գործունէութեան, կան նաեւ աներեւելի երեսները, որոնց համար մեծ գումարներ կը ծախսուին թէ՛ թրքական եւ թէ՛ ազրպէյճանական դեսպանատան կողմէ՝ ճնշում բանեցնելու գանատական կառավարութեան վրայ, որպէսզի գանատական ե՛ւ խորհրդարանը ե՛ւ նահանգները ե՛ւ քաղաքապետարանները իրենց անցեալի հայանպաստ կեցուածքներէն զիջին: Այո՛, Ապրիլ 24-ին հակահայ ցոյցերու երեւոյթը մեզի համար դատապարտելի է, բայց հիմնականին մէջ այդ մէկը միայն փոքր մասնիկ մըն է տարուած հակահայ աշխատանքներուն, որոնց դէմ մնայուն պայքարի մէջ ենք:

Այս գծով շատ կարեւոր է մեր գաղութին համերաշխութիւնն եւ մեր բոլոր կազմակերպութիւններուն միասնականութիւնը՝ հակազդելու նման քարոզչութեանց: Պէտք է բնաւ մտահան չընենք, որ մենք իրականութիւնը կը յայտնենք աշխարհին, մինչ մեր թշնամին իրականութիւնները կը խեղաթիւրէ, տնտեսական լծակներ կ՚օգտագործէ եւ սպառնալիքներ կը տեղացնէ. օրինակ՝ Ֆրանսան, Գերմանիան, Գանատան եւ շարք մը այլ երկիրներ երբ քաջութիւնը ունեցան դիրքորոշումներ որդեգրելու, թուրք դիւանագիտութիւնը ձայն բարձրացուց, դեսպանը տուն կանչեց քանի մը ամսուան համար, սպառնաց, եւ յետոյ ամէն ինչ վերադարձաւ իր սովորական հունին: Թրքական դիւանագիտութիւնը Թուրքիոյ մէջ իր ժողովուրդին կ’ուզէ ձեւացնել, որ ինք կարծր եւ անզիջելի կեցուածք որդեգրած է այս հարցով:

Հ.- Այս տարուան Արցախեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին Գանատան իր անմիջական զօրակցութիւնը յայտնեց, մասնաւորապէս Գանատայի ՀՅԴ-ի կառոյցը: Դուք մամուլով հանդէս եկաք եւ յայտնեցիք մեր զօրակցութիւնը Արցախին: Ինչպէ՞ս էր Գանատայի ներդրումը այս Արցախեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին:

Ռ.Տ.- Առաջին հերթին անհրաժեշտ էր, որ գանատական կառավարութիւնը՝ կազմակերպութիւններ եւ քաղաքական դէմքեր, դատապարտեն Ատրպէյճանի կողմէ շղթայազերծուած պատերազմը, որ իրականութեան մէջ Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտում էր: Հետեւաբար անմիջապէս աշխատանքի լծուեցանք. մեր Հայ Դատի յանձնախումբերը եւ մեր երիտասարդականի տղաքը նամակներ յղեցին առ որ անկ է, որպէսզի դատապարտութիւնները ապահովենք: Որոշ յաջողութիւն ձեռք բերինք, այն իմաստով որ քաղաքական դէմքեր դիւանագիտական առումով ընդհանուր վիճակը դատապարտեցին եւ չուզեցին մատնանշել Ատրպէյճանը: Սակայն պէտք է նշեմ, որ մեր հանդիպումներուն ընթացքին յստակօրէն կ՚արտայայտուէին, թէ իրենք քաջ գիտեն, թէ ո՛վ է խախտողը զինադադարը: Միջազգային գետնի վրայ մենք դիմեցինք ԵԱՀԿ-ի (OSCE-ի) բոլոր դեսպանատուներուն, որպէսզի իրենք ալ իրենց կարգին խստօրէն դատապարտեն: Այս ծիրէն ներս Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Ամերիկայի դեսպանատուներուն դիմեցինք եւ հանդիպում ունեցանք իրենց ներկայացուցիչներուն հետ:

Ներազգային իմաստով զօրակցական հաւաքներ կազմակերպուեցան կեդրոններուն մէջ, նախ որպէսզի մեր ժողովուրդը իրազեկ պահենք իրադարձութիւններուն՝ ճշգրիտ տեղեկութիւնները փոխանցելով, ապա եւ ժողովուրդին տրամադրութիւնները բարձր պահելու համար՝ թէ՛ հոս, թէ՛ հոն, անհրաժեշտ էր Արցախի ժողովուրդին զգալը, թէ Սփիւռքի իրենց քոյրերն ու եղբայրները իրենց հետ են: Միեւնոյն ժամանակ նիւթական դրամահաւաք տեղի ունեցաւ, որ այս պարագային ՀՕՄ-ի միջոցով փոխանցուեցաւ առ որ անկ է՝ պատերազմին պատճառած վնասներու հատուցման եւ յառաջիկայի նման դէպքերու առաջքը առնելու համար: Կարեւորութեամբ կ’ուզեմ շեշտել, որ մեր ժողովուրդը սիրով ընդառաջեց, եւ Արցախի քառօրեայ պատերազմէն ետք օրին յայտարարուեցաւ, որ 100 հազար տոլարէն աւելի գումար տրամադրուեցաւ:

Ապագայի հարցով շատ զգոյշ ենք, որովհետեւ դէպքերը կրնան կրկնուիլ. սահմանին վրայ դիտարկման ելեկտրական սարքաւորումներու օգտագործման հարցով աշխատանք կը տանինք, որ Գանատան ալ իր կարգին ԵԱՀԿ-ի բարեկամ երկիրներու միջոցով ճնշում բանեցնէ, որ այդ ծրագիրը որդեգրուի: Գիտենք, որ Ատրպէյճան կը մերժէ, որովհետեւ ելեկտրոնային այդ սարքերը օգտագործելու պարագային սահմանը ճշդուած կ՚ըլլայ:

Հ.- Ինչպէ՞ս կ՚արժեւորէք Գանատայի հայ գաղութի ներկայ իրավիճակը եւ ի՞նչ նոր ծրագիրներ ունի կուսակցութեան Գանատայի կառոյցը հայրենիքի մէջ:

Ռ.Տ.- Սկսինք նախ գանատական դիտանկիւնէն. Գանատայի մեր գաղութը մեծ աճ կ’արձանագրէ, վերջին շրջանին մեր հաշուարկով Գանատա հաստատուած են 5-10 հազար ներգաղթողներ զանազան հայկական գաղութներէ, մեծ մասը՝ մօտաւորապէս 5 հազարը, սուրիահայ ընտանիքներ են: Եւ որպէս հայախօս գաղութ՝ Գանատան այսպիսով կը դառնայ Սփիւռքի ամէնէն կայուն կռուաններէն մէկը: Կազմակերպուած գաղութ է՝ իր կեդրոններով, դպրոցներով եւ կառոյցներով, որքան ալ կը փորձէ համակերպիլ գանատական մեծ ընկերութեան, նոյնքան նաեւ կը պահէ իր հայկական դիմագիծն ու մշակոյթը: Մեր տուեալներով յառաջիկային ներհոսքը պիտի շարունակուի, ուրեմն հարկ է այս նոր եկողները ներառնել մեր կառոցներէն ներս, որպէսզի համախմբուին եւ ընդգրկուին մեր տանելիք ներկայի եւ ապագայի ծրագիրներուն մէջ: Ուրեմն որպէս հաստատուած, կազմակերպուած եւ աճող գաղութ ներդրում պիտի ունենայ նաեւ մեր հայրենիքի կեանքէն ներս, պիտի օժանդակէ Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի եւ ուր որ հայեր օժանդակութեան պէտք ունին, ինչպէս որ պատահեցաւ սուրիահայութեան պարագային:

Գալով մեր կառոյցի հայրենիքի մէջ ծրագիրներուն, համահայկական առումով մեր կուսակցութիւնը աշխատանքները բաժնած է, եւ Գանատայի բաժին ինկած է օժանդակել Լոռիի մարզին, որ բնակչութեամբ երկրորդն է մեր մարզերուն: Ուրեմն այս աշխատանքներու ծիրէն ներս արդէն 4-5 տարի է, որ կ՚իրագործուի Վանաձորի տարեկան ճամբարը: Այս մէկը օգտակար է նախ մե՛ր երիտասարդութեան, որոնք կ’երթան եւ կը տեսնեն հայրենի ժողովուրդին իրավիճակը՝ իր լաւ եւ վատ կողմերով, միւս կողմէ Վանաձորի մեր նոր սերունդին համար կ’իրագործեն դաստիարակչական սերտուած եւ նպատակաուղղուած ծրագիր: Այս աշխատանքը պիտի շարունակուի եւ զարգանայ:

Մենք նաեւ լուրջ ծրագիրներ ունինք Լոռիի մարզին մէջ, պիտի նորոգենք կարգ մը կեդրոններ Ստեփանաւան եւ Ալավերտի քաղաքներուն մէջ եւս, որպէսզի Լոռիի մարզին մէջ արմատաւորուին մեր աշխատանքները եւ համագործակցաբար հոն գործող մեր կառոյցի ընկեր-ընկերուհիներուն հետ՝ պիտի հաստատուին ՀՅԴ պատանեկան, երիտասարդական եւ ուսանողական մասնաճիւղեր: