Հայ Դատը Խորհրդակցութիւններ Կ՛ունենայ Քալիֆորնիոյ Նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի Հետ
ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան եւ անձնակազմի անդամներ վերջերս այցելեցին Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաքը, հանդիպումներ եւ խորհրդակցութիւններ ունենալով նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի եւ շարք մը այլ պաշտօնատարներու հետ։