Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Ապրիլ 20-22 ժամանակահատուածին, Գանատայի խորհրդարանի անդամներ Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մարք Կարնոյին ուղղուած յատուկ նամակներով պահանջեցին Ատրպէյճան ազատ արձակէ հայ ռազմագերիները եւ Պաքուին կոչ ուղղէ յարգելու միջազգային իարաւանց գծով սստանձնած իր պարտաւորութիւնները։
Խորհրդարանի այդ անդամներու շարքին են՝ Գանատա-Արցախ խորհրդարանական բարեկամութեան խմբացութեան նախագահ եւ ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Ռէյչըլ Հարտըր, Կանաչներու կուսակցութեան խորհրդարանական ղեկավար Էլիզապէթ Մէյ, մինչ Նոր Դեմոկրատ կուսակցութեան անդամ Տոն Տէյվիս եւ Պլոք Քեպէգուա կուսացկութեան անդամ Սթեֆան Պերժերոն խորհրդարանի Ապրիլ 20ի լիագումար նիստէն ետք հրապարակեցին հաղորդագրութիւններ, դատապարտելով հայ ռազմագերիներու հանդէպ ատրպէյճանական կողմի մարդկային իրաւանց խախտումները։
horizonweekly.ca