Յունական լրատուադաշտի լայն արձագանգը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման գծով Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներուն հետ հարցազրոյցներ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման լուրը, անցնող մի քանի օրուան ընթացքին, գլխաւոր նիւթ դարձաւ յունական լրատուադաշտին մօտ, ողողելով թերթերուն էջերը եւ հեռատեսիլի ու ձայնասփիւռի լրատուական