ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ողջունեց Ներկայացուցիչներու Տան Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ողջունեց Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ստորին պալատին` Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը:









