Պուէնոս Այրէս, Փրենսա Արմենիա (16.11.2019). Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը 15 Նոյեմբերին հրապարակեց սպաներէնով տարածուած յայտարարութիւն մը Պոլիվիայի մէջ նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած միջադէպերուն առընչութեամբ:
Նշենք, որ Շաբաթ, 10 Նոյեմբերին, երկրի նախագահ Էվօ Մորալէս ներկայացուցած էր իր հրաժարականը ի հետևանք բանակի հրամանատարութեան հրապարակային «թելադրանք»ին՝ բացառելու իր մասնակցութիւնը երկրի նախագահական ընտրութիւններուն: Անցնող 14 տարիներուն, Մորալէս, Այմարա ցեղախումբէն սերած ղեկավար մը որ իր քաղաքական ասպարէզը սկսած էր գլխաւորելով քոքայի տերև մշակող գիւղացիներու արհմիութիւնը և պայքարելով անոնց իրաւունքներուն համար, երեք հետևողական առիթներով ընտրուած էր նախագահ: Իր և իր գլխաւորած Դէպի Ընկերվարութիւն Շարժում (ՄԱՍ) կուսակցութեան կառավարութեան օրով երկրի սահմանադրութիւնը բարեփոխուեցաւ ընդունելով Պոլիվիայի բազմազգութեան փաստը: Այդ տարիները եղան նաև երկրի աննախընթաց տնտեսական բարգաւաճման տարիներ: 2016ին Մորալէս ուզեց անգամ մը ևս բարեփոխել Սահմանադրութիւնը՝ ինքզինքին թոյլատրելու համար անսահման վերընտրութիւն, սակայն դէմ յանդիման եկաւ հասարակութեան մերժումին ինչպէս ի յայտ եկաւ ժողովրդային հարցախոյզի մը ընդմէջէն: Այդուհանդերձ, Մորալէս յաջողեցաւ ընտրական յանձնաժողովը համոզել և իր թեկնածութիւնը վաւերացնել: Հոկտեմբեր 26ին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն ինքզինք շատ քիչ թիւով քուէներու տարբերութեամբ յաղթական հռչակելէ յետոյ, Մորալէս դէմ յանդիման եկաւ ընդդիմութեան կողմէ արդիւնքի մերժումին և քաղաքական տագնապի: Անկարող ելք մը գտնելու, ան հրապարակ եկաւ նոր ընտրութիւններու առաջարկով, որմէ յետոյ բանակի հրամանատարութիւնը առաւ այդ անուղղակի միջամտութեան քայլը որով և այլընտրանք չտուաւ իրեն բացի հրաժարելէ: Մորալէսի քաղաքական ապաստան տուաւ Մեքսիքոն, որ յատուկ օդանաւ մը տրամադրեց զինք դուրս բերելու համար երկրէն: Իր անվտանգութեան ապահովման համար աշխոյժ միջազգային յարաբերական աշխատանք տարաւ Արժանթինի նորընտրեալ նախագահ Ալպերթօ Ֆերնանտէզ որ 10 Դեկտեմբերին իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ: Մորալէսի տեղ ինքզինք երկրի նախագահ հռչակեց ընդդիմութեան ծերակուտական Ժանին Ժանիէս առանց Խորհրդարանի համաձայնութեան (Մորալէսի հետևորդ պատգամաւորները մեղամասնութիւն են օրէնսդիր մարմնին մէջ): Ժանիէսի նախագահութեան օրինականութիւնը անմիջապէս ճանչցան Պրազիլի նախագահ Ժաիր Պոլսոնարօ և Տոնալտ Թրամփ, որ նաև… ողջունեց զինուորականներու միջամտութիւնը նշելով որ այն օրինակ պէտք է ըլլայ Վենեզուելայի և Նիքարակուայի զինուորականներուն:
Իր յայտարարութեան մէջ Հայ Դատի Յանձնախումբը առաջին հերթին ամբողջական յանձնառութիւն կը յայտնէ ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւանց յարգանքի և քաղաքական տագնապը զուտ պետական հաստատութիւններու ճամբով լուծելու միջոցին: «Կը մերժենք ներքին քաղաքական ոլորտին մէջ զինուորական որևէ ձևի միջամտութիւն որովհետև այն պետական հարուածի ձև է ինչպէս որ է պարագան Էվօ Մորալէսի հրաժարականին», կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ: Ոչ մէկ զինուորական միջամտութիւն կրնայ քաղաքական տագնապի լուծում հանդիսանալ, կը հաստատէ Հայ Դատի Յանձնախումբը, միակ լուծումի ճամբան տեսնելով խաղաղ երկխօսութեան մէջ: Նշելով Լատինական Ամերիկայի երկար և ողբերագական անցեալը՝ պետական հարուածներու և արտաքին միջամտութիւններու, Հայ Դատի Յանձնախումբի յայտարարութիւնը անհրաժեշտ կը գտնէ որ միջազգային հասարակութիւնը դիրքորոշուի նման նախաձեռնութիւններու դէմ և մերժէ իշխանութեան գալու ոչ-սահմանադրական ամէն ձև: Միևնոյն ժամանակ սակայն, Հայ Դատի Յանձնախումբին համար «անզգուշութիւն» է իշխանութեան վրայ մնալու ամէն փորձութիւն, ի մասնաւորի երբ այն արդիւնք է քաղաքական մանիպուլացիայի և իշխանութիւններու բաժանման սկզբունքի խախտումին: Իշխանութեան վրայ յարատևելու արդիւնքը, «ինչպէս մեր տարածաշրժանի նորագոյն պատմութեան փորձը ցոյց կու տայ, ոչ միայն հասարակութեան կարևոր հատուածի մը ընդվզումն է, այլ նամանաւանդ՝ տնտեսական բարգաւաճումը, քաղաքական բազմազանութեան ամրագրումը և ընկերային արդարութեան յառաջընթացը կասեցնելու ռիսկը»: Այդ բոլորը, կը վկայէ յայտարարութիւնը, «անժխտելի ձեռքբերումներ են Պոլիվիայի մէջ անցնող 14 տարիներուն»:
Հայ Դատի Յաձնախումբը դիտել կու տայ որ անցնող 15 տարիներուն Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը մեծ յառաջխաղացք ունեցած է Լատինական Ամերիկայի մէջ ի հետևանք ժողովրդավարութեան, բազմազանութեան և մարդկայի իրաւանց յարգանքի ոլորտին մէջ արձանագրուած յառաջընթացին: «Այս իսկ պատճառով կը մերժենք ամբողջատիրական վարքագծի, խտրական ելոյթներու, արտաքին միջամտութեանց և սահմանադրական կարգի խախտման ամէն վերադարձ», կը կարդացուի յայտարութեան մէջ, որ կ’աւարտի զօրակցութիւն յայտնելով Պոլիվիայի ժողովուրդին ի խնդիր տագնապի խաղաղ լուծումին: