The Fight for a Right: ANCA-ER Dedicates Annual Banquet to Genocide Resolution

LOWELL, Mass.— Hundreds of supporters of the Armenian National Committee of America-Eastern Region (ANCA-ER) honored community leaders and grassroots activists whose tireless efforts led to this month’s House passage of the Armenian Genocide Resolution (H.Res.296) at its 13th annual banquet.

“This is a game we are going to win,” said ANCA Executive Director Aram Hamparian during his remarks at the University of Massachusetts Lowell Inn and Conference Center on Saturday evening. “You will know that we have won the end of this battle when it is inconceivable that an American president or even a member of Congress will engage in genocide denial.” Hamparian declared that the ANCA’s next course of action is delivering a genocide resolution to the Senate floor for a vote.

ANCA Leo Sarkisian summer intern Mary Galstian opened the program with the singing of the Star-Spangled Banner and the Armenian national anthem. Galstian was then joined by four of her colleagues on-stage for their work with the ANCA leading up to H.Res.296. “During the internship, the interns passed four pro-Armenia, anti-Azerbaijan amendments,” explained ANCA Program Director Sipan Ohannesian, adding that the interns returned to Washington, DC to support the delivery of the resolution to the House floor. “We were all in the US Capitol three days in a row, knocked on every single office, visited them three times and got the Resolution passed,” recalled Ohannesian. The interns are among hundreds who have advanced their careers through the ANCA’s leadership programs; currently, 60 alumni are staffers on Capitol Hill working for members of Congress.

Even Mistress of Ceremonies Heather Krafian was a former ANCA intern and fondly recalled her experiences on the hill during her formal remarks.

This banquet is one of the largest events of the year for the ANCA-ER. This year, the organization honored Congressman Jim McGovern (D-MA) and Dr. Taner Akcam with the Freedom Award and brothers Aram, Armen and Ara Jeknavorian with the Vahan Cardashian Award.

US Congresswoman Lori Trahan, Dr. Taner Akçam, Rep. Jim McGovern (D-MA)

“Not recognizing the Armenian Genocide is a stain on our human rights record,” said Congressman Jim McGovern after being presented with the Freedom Award and greeted with roaring applause from the crowd. “If we’re going to sacrifice the truth and turn our back on a human rights atrocity because there’s business to be had or there’s some strategic military consideration that we want from another country, then we lose all moral authority to speak about human rights wherever they exist,” said the Congressman, hinting at US-Turkey relations. McGovern affirmed the meaning behind this resolution as being one step closer to preventing the cyclical crime of genocide.

As a native of the first Armenian community in the US, McGovern reminisced about being sworn into Congress in 1997 and attending the 82nd genocide commemoration at the Armenian Church of Our Savior in Worcester. “I remember that commemoration because the first several pews of the church were filled with survivors.” He described the harrowing childhood story of the last late genocide survivor, Rose Der Sahagian, who was trapped in a prison camp, forced to flee her homeland and escape to Russia before making her way across the world to Worcester, Massachusetts. He expressed his frustration with colleagues elected for office who based their campaigns on empty promises of justice for people like Rose. “If it weren’t for your constant lobbying and constant appeals, I don’t think Congress would’ve done the right thing,” said Rep. McGovern, commending the devoted ANCA team. “My only regret is that we should’ve done it a long, long time ago.”

Dr. Taner Akcam began his speech with a letter from an Armenian who addressed him as a brother. “We love you so much,” he read to a captive audience, “please don’t forget that your name will be engraved in the hearts of Armenians.” Sincerely apologizing on behalf of the Turkish people he earnestly expressed, “Every time you look at me and I see the love in your eyes and you open your hearts to me, I almost die of embarrassment. I am so ashamed,” to which the ballroom answered with thunderous applause.

“It’s humbling, but at the same time, it’s embarrassing because what I’m doing is not something extraordinary…We should really try to create the conditions where truth-telling is not something prize-worthy,” said Dr. Akcam in an interview with the Weekly. Born, raised and educated in Turkey, Dr. Akcam explained his internal battle as a “self-critical process” when speaking about his initial acceptance of the Genocide. There was an overwhelming sense of gratitude from members of the Armenian community on Saturday night, many of whom waited in line to shake his hand and personally thank him for speaking out against his native government and its continuing denialist campaign.

The Jeknavorian brothers

Muriel “Mimi” Parseghian, chair of the Silent Auction committee, emotionally introduced and recognized the Jeknavorian brothers for their staunch commitment to their service to Hai Tad. Following in their parents’ footsteps, the brothers have actively served as longtime members of organizations including the Armenian Revolutionary Federation (ARF), ANC Merrimack Valley, the Armenian church and numerous genocide and veterans committees. They are also alumni of the Armenian Youth Federation (AYF). Together, the Jeknavorians reflected on their experiences in the community with a photo presentation, featuring old family photographs.

Throughout the evening, an overall sense of responsibility was instilled among attendees, many of whom are descendants of genocide survivors. “We turned the page on this,” said Hamparian to a roaring, inspired room. “We’re not going back. We’re going forward. We do not bow. We do not bend. We do not break.”

By Kristina Ayanian
Photos: Sona Gevorkian
The Armenian Weekly


[espro-slider id=17311]


ԼՕՈՒԸԼԻ ՄԷՋ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա.Մ.Ն.-Ի ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 9-ին, Լօուըլի (Մասաչուսէց) «Umass» համալսարանի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած մեծարանքի 13-րդ հանդիսութիւնը:

Օրուան հանդիսավարն էր Հէտըր Գրաֆեան (Հ.Օ.Մ.-ի արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի շրջանային վարչութեան անդամ), որ բեմ հրաւիրեց այս տարուայ «Լէօ Սարգիսեան» դասընթացքին հետեւած երիտասարդ Մարի Գալստեանը մեներգելու համար Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի օրհներգները: Ա.Մ.Ն. արեւելեան թեմի բարեջան Առաջնորդ Անուշաւան Արք. Դանիէլեան երկրէն դուրս գտնուելով չէր կրցած ներկայ ըլլալ եւ անոր ներկայացուցիչ՝ Պոսթընի հովիւ Տէր Անդրանիկ Պալճեան, բեմ բարձրացաւ եւ կատարեց տէրունական աղօթք:

«Ազատութիւն» շքանշանով պարգեւատրուեցան քոնկրէսական Ճիմ ՄըքԿավըրն (Դեմոկրատական – Մասաչուսէց) եւ թուրք այլախոհ Թաներ Աքչամ: Քքոնկրէսական Լօրի Թահան ներկայացուց քոնկրէսական Ճիմ ՄըքԿավըրնը, որ հազիւ շաբաթ մը առաջ, թիւ 296 բանաձեւին գծով հետեւողական աշխատանք տարած էր: Օրէնքներու յանձնախումբի ատենապետ Ճիմ ՄըքԿավըրն նիստը բացած էր տպաւորիչ ելոյթով մը, շեշտելով, որ թիւ 296-ի բանաձեւին վաւերացումը առիթ մըն է Ներկայացուցիչներու Տան, որ յստակօրէն արտայայտուի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, յստակօրէն ընդունելով, որ տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն է։ Նմանօրինակ տպաւորիչ ելոյթ մըն ալ ունեցաւ ան, այս մեծարանքի օրը, շարունակ շեշտելով, թէ պէտք է անպայմանօրէն կասեցուին ցեղասպանութիւնները: «Եթէ չպատժենք յանձաւորը, պիտի շարունակուին ցեղասպանութիւնները: Հետեւաբար, լուրջ է հարցը եւ առ այդ նմանօրինակ բանաձեւ մը որդեգրելով, կարելի պիտի ըլլայ չկրկնել ահաւոր դէպքեր», ըսաւ ՄըքԿավըրն, որ շեշտեց, թէ այս պատկերը արդիւնքն է տասնամեակներ շարունակ Միացեալ Նահանգներու մէջ մղուած հետեւողական պայքարին, որ կը կատարէ Հայ Դատի յանձնախումբը, իր զանազան մասնաճիւղերով եւ ենթաբաժանումներով: ՄըքԿավըրն շեշտեց, թէ այս բանաձեւը անգամ մը եւս մերժեց Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնը ԵՒ վերահաստատեց Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու փաստը: Ան աւելցուց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը չի կրնար յաջողութեամբ պսակուիլ, եթէ անոր մասին քարոզեն միայն հայերը: Անհրաժեշտ է բոլորիս ու լայն զանգուածներու միասնական քարոզչութիւնը։

«Դասեր քաղենք մարդկութեան նկատմամբ կատարուած այլ յանցագործութիւններու ճանաչման եւ հատուցման օրինակներէն։ Պէտք է բացառել, որ ժամանակակից զարգացումները խափանեն յանցանքի ճանաչման հոլովոյթը: Քանի տակաւին ցեղասպանութիւնը կը ժխտուի, անիկա կը շարունակուի․․․», եզրակացուց ՄըքԿավըրն։

«Ազատութիւն» շքանշանով պարգեւատրուող երկրորդ անձնաւորութիւնն էր թուրք այլախոհ Թաներ Աքչամը:

Փրոֆ. Հենրի Թերիօ ներկայացուց «Քլարք» համալսարանի Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ամպիոնի պատասխանատու դասախօս՝ Աքչամը, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ Անգարա ժխտողական քաղաքականութեամբ կը շարունակէ մերժել իսկական փաստերը եւ խեղաթիւրել իրականութիւնները՝ անհիմն եւ անհեթեթ սուտեր հնարելով: Անդրադառնալով թրքական մերժողական կեցուածքին ու անտարբերութեան` նշեց թուրք մտաւորականութեան մօտ տիրող թեր ու դէմ կեցուածքները Հայոց ցեղասպանութեան գծով: Ան շեշտեց, թէ ի վերջոյ օրը պիտի գայ եւ երեւան պիտի ելլէ իրականութիւնը, պատմաբաններու արդար եւ ճիշդ ուսումնասիրութեամբ: Անշուշտ, ան հաւաստիացուց, որ ժխտողական քաղաքականութեան դիմադրութիւնը կը պահանջէ ամբողջական պայքար:

Փրոֆ. Աքչամ, անգամ մը եւս պատմական փաստագրեալ տեղեկութիւններով պարզեց թրքական կանխամտածուած քայլերը Ցեղասպանութեան գործադրութեան մէջ:

Ան շեշտեղ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցման տրամադրումը կարեւոր է նաեւ Թուրքիոյ համար, քանի որ առանց անոր անկարելի է հասնիլ երկրի լիակատար ժողովրդավարացման:

«Վահան Քարտաշեան» շքանշան ստացան Լօուըլի շրջանի Ճգնաւորեան եղբայրները՝ Արամ, Արմէն եւ Արա, որոնք անաչարօրէն գործած են յաչս հայ դատին: Պատշաճ կերպով, իրենց կենսագրականը ներկայացուց շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի գործօն անդամներէն՝ Միւրէլ Հարոյեան: Բեմ բարձրանալով Ճգնաւորեանները յուշեր պատմեցին եւ յայտնեցին իրենց գոհունակութիւնը, այս օրուան առթիւ եւ նուիրումը՝ Հայ Դատին:

Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Սթիւ Մեսրոպեան խօսք առնելով յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան թիւ 296 բանաձեւի յաղթանակով, Հայ Դատը պիտի շարունակէ գործել: Ան կարեւորեց այս աշխատանքը, նշելով, թէ Հայ Դատի պահանջատիրութեամբ պայքարի ընթացքը զգալի յառաջխաղացք արձանագրած է:

«Այս եւ նմանօրինակ յաղթանակներու պատիւը յատկապէս կը պատկանի երիտասարդութեան, որ յատուկ դասընթացքներու կը հետեւի եւ ըստ այնմ կը գործէ: Այս գծով կարիքն ունինք օժանդակութեան, որպէսզի նմանօրինակ վարժողական դասընթացքներ շատ աւելի հետեւողական կերպով կատարենք եւ կազմակերպենք», ըսաւ Մեսրոպեան:

«Լէօ Սարգիսեան» վարժողական դասընթացքի անունով, խօսք առաւ Սիփան Օհաննէսեան, որ իր կարգին յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցեց այս հետաքրքրական ծրագրին մասին: Այս առթիւ, յատուկ յուշանուէրներ ստացան, այս տարեշրջանի վարժողական ծրագրին մասնակցողները՝ Ռուպինա Պոզոյեան (Նիւ Ճըրզի), Նայիրի Տիրացունեան (Նիւ Ճըրզի), Մարի Գալստեան (Մասաչուսէց) եւ Տարօն Պողարեան (Փենսիլվանիա): Նաեւ, Մարալ Մելքոնեան վարԺողական ծրագրի մասնակցող Լուսին Պոտուրեան (Քաննեթիքըթ) ստացաւ յուշանուէր մը:

«Ցեղասպանութեան ժխտումը սպառնալիք է Հայաստանին: «Բոլոր հայերը` մեր հայրենիքին եւ ամբողջ աշխարհի մէջ, ընդհանուր պատասխանատուութիւն կը կրեն պայքարելու Թուրքիոյ ժխտողականութեան դէմ` հաստատելով Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը եւ թոյլ չտալով Անգարային խոչընդոտելու արդարադատութեան այս յանցագործութեան համար: Հայ Դատի պահաջատիրութիւնը միեւնոյն թափով յառաջ մղելու պայքարի մարտահրաւէրը արդէն թակած է Ծերակոյտի դռները, ուր նմամօրինակ բանաձեւ մըն ալ պիտի վաւերացուի: Այս գծով, դեռ գործ ունինք կատարելիք, թիւ 296 բանաձեւը հասցնելու մինչեւ Սպիտակ Տուն, քաջատեղեակ ըլլալով, որ ցեղասպանութիւնը անպատիժ ձգելու` Անգարայի ստեղծած նախադէպը սպառնալիք է ոչ թէ միայն հայութեան, այլ բոլոր ազգերու անվտանգութեան», շեշտեց Համբարեան:

Ան աւելցուց, թէ հատուցումն ու ճանաչումը փոխկապակցուած են, իսկ հատուցման համար անհրաժեշտ է ցեղասպանութեան յանցանքի ճանաչումը: «Հայոց ցեղասպանութեան հարցով, կարելի է հասնիլ ճանաչման` աշխարհին մէջ համաձայնութեան ձեւաւորման միջոցով, որուն շնորհիւ Թուրքիան, մինակ մնալով, ստիպուած է ճանչնալու իրողութիւնը: Արդ մէկն ալ ճամբան պիտի հարթէ հատուցման տարբեր ձեւերու շուրջ երկխօսութեան: Աշխարհի մէջ իւրաքանչիւր տեղ կայ այն տրամաբանութիւնը, որ երբ յանցանք կը գործուի, ապա ոճրագործները նախ պէտք է ընդունին իրենց մեղքը, ճանչնան եւ ճամբայ գտնեն վերականգնելու արդարութիւնը զոհերուն նկատմամբ», յայտնեց Արամ Համբարեան եզրակացնելով, թէ հատուցումը աւելի խոր երեւոյթ է, քան ֆինանսական փոխհատուցումը: Ան շեշտեց, որ նախապայման է յանցագործութեան գիտակցումն ու ճանաչումը, որմէ ետք միայն կարելի է խօսիլ հատուցման ձեւերուն մասին:

Հուսկ, Գրաֆեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ յատկապէս անոնց որոնք նիւթապէս օժանդակեցին եւ դեռ ալ պիտի օժանդակեն, սատար հանդիսանալով Հայ Դատի սուրբ գործին։ Օրուան հանդիսութիւնը աւարտեցաւ շրջանի հովիւ Ստեփան Պալճեանի աղօթքով:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»