Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբը Օթթաուայի իր գրասենեակի գործավար նշանակած է Սեւակ Պելեանը։
Սեւակ Պելեան անցնող տարիներուն վարած է պատասխանատու պաշտօններ գաղութին մէջ։ Եղած է ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ իր ներդրումը ունեցած է Հայ Դատի աշխատանքներուն, տեղական թէ շրջանային մակարդակներու վրայ, ինչպէս նաեւ գործօն դերակատարութիւն ունեցած է Սէնթ Գաթրինզի Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքներուն մէջ։
Սեւակ Պելեան ծնած է Սէնթ Գաթրինզի մէջ։ Նախնական ուսումը ստացած է Պէյրութի «Եղիշէ Մանուկեան» վարժարանէն ներս։ 2006-ին հաստատուած է Գանատա, ուր Brock համալսարանին մէջ հետեւած է քաղաքական գիտութեանց եւ Միջին Արեւելքի պատմութեան ճիւղերուն։
Նկատի ունենալով Հայ Դատի գործունէութեան օրէ օր ընդլայնող ու ճիւղաւորուող բնոյթը, ինչպէս նաեւ արհեստավարժ հիմունքով գործելու հրամայականներէն մեկնած, 2006 թուականի Ապրիլ 25-ին հիմը դրուեցաւ Օթթաուայի Հայ Դատի գրասենեակին: Այդ օրէն ի վեր, վերոնշեալ գրասենեակէն կը տարուի նպատակաուղղուած աշխատանք եւ արդէն իսկ, գրասենեակը դարձած է տեղեկատուական ու բանակցային-յարաբերական հանրաճանաչ ու ազդեցիկ կեդրոն:
Լուսանկար – Սեւակ Պելեան