Փանտիօ համալսարանի Արեւելեան ուսումնասիրութեանց բաժանմունքի եւ Էգէականի համալսարանի Միջերկրական-Միջին Արեւելեան քաղաքականութեան բաժանմունքի ու Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան համագործակցութեամբ, անցեալ Հինգշաբթի 2 եւ Ուրբաթ 3 Յունիսին, Աթէնքի Ռազմական թանգարանին մէջ, երկօրեայ խորհրդաժողով մը կայացաւ՝ «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն՝ մոլորակային դարաշրջանին մէջ» խորագրով։
Խորհրդաժողովի բացումը կատարեց Յունաստանի ներքին գործոց նախարար Փանաեոթիս Քուրուպլիս եւ հելլէն զինուած ուժերու պետը, եւ ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Նոր Հանրապետութիւն կուսակցութեան կողմէ երեսփոխան Ատոնիս Եորղիատիս եւ Յունաստանի արքեպիսկոպոս Իէրոնիմոսի ներկայացուցիչը։
Յատուկ հրաւէրով ներկայ եղան Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամները։
Խորհրդաժողովի նպատակն էր տեսական, փորձառական եւ յատուկ դէպքերու ընդմէջէն ուսումնասիրութիւններ, որոնց միջոցաւ ի յայտ բերուեցաւ պատերազմի կառուցուածքային բռնութեան ազդեցութիւնը ժողովուրդներու, պետութիւններու եւ միջազգային ու տարածաշրջանային ազդակներուն վրայ։
Փանտիօ համալսարանի Արեւելեան գիտութեանց բաժանմունքի ղեկավար, փրոֆ. Խրիսթոտուլոս Եալուրիտիս, խօսեցաւ միջազգային համակարգի մակարդակով կանխման եւ ճգնաժամերու կառավարման գլուխներուն վրայ յառաջացած հարցերու մասին։ Փրոֆեսոր, ինչպէս եւ խօսողներու մեծամասնութիւնը անդրադարձան դրացի պետութիւն Թուրքիոյ հետ դժուար յարաբերութիւններուն մասին։
Այլ թեմաներու շարքին շօշափուեցան պատերազմներու պատմական երեսներն ու երեւոյթները, ընկերային հետեւանքները, բռնութեան վերարտադրութեան հոլովոյթը, հոգեբանական հետեւանքները, դիւանագիտական խաղերը, ինչպէս եւ Սուրիոյ պատերազմը եւ գաղթականութեան հարցը ու անոնց հեռանկարները։