(ԱՐՁԱԳԱՆԳ) Նիկոսիոյ ՀՄԸՄ-ՀԵՄ ակումբի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Հրանդ Տինքի սպաննութեան դատավարութեան փաստաբան Ֆէթիէ Չէթինի յեղինակած «Իմ Մեծմայրս» գիրքի ներկայացումը, կազմակերպութեամբ Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ գործակցութեամբ՝ Րութ Քէշիշեանի «Մուֆլոն» գրատունին։
Ձեռնարկի լեզուն թրքերէնն էր եւ ձեռնարկի տեւողութեան ընթացքին, տեղի կ’ունենար զուգահեռ թարգմանութիւն դէպի հայերէն, պոլսահայ Տիգրան Ալթունին կողմէ, որ յատկապէս այս նպատակով հրաւիրուած էր Կիպրոս։ 100-է աւելի հաշուող՝ հետաքրքիր բազմութեան մը ներկայութեան, ծայրէ ի ծայր լեցուած սրահի մը մէջ, Ֆէթիէ Չէթին մէկուկէս ժամէ աւելի տեւող մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ իր կեանքին եւ ընտանիքն մասին, նատնանշելով թէ որո՞նք էին՝ «Իմ Մեծմայրս» գիրքը գրելուն տուն տուող պատճառները։
Ան բացատրեց, թէ այս գիրքի հրատարակութենէն ետք, շատ բաներ փոխուած են Թուրքիոյ մէջ եւ թէ այս հարցին մէջ, ետ-դարձ չկայ։ Ան աւելցուց նաեւ, թէ Թուրքիոյ տարածքին կատարած իր այցելութիւններուն ընթացքին, ան կը ստանայ ջերմ ընդունելութիւն եւ շատեր կը խոստովանին, թէ իրենց մեծմայրերն ալ հայ եղած են։ Իր խօսքի աւարտին, ան ստանձնեց պայքարիլ, մինչեւ որ Թուրքիա պաշտօնապէս ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Յաջորդեց հարցումներու շարան մը, որու աւարտին, ներկաները շարունակեցին Ֆէթիէ Չէթինին հետ իրենց առանձնազրոյցը, մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ։
Ներկաները առիթը ունեցան նաեւ ապահովելու Չէթինի գիրքէն օրինակներ, մակագրուած յեղինակին կողմէ։ 13 լեզուներու թարգմանուած այս գիրքէն օրինակ մը ապովել փափաքողները կրնան դիմել «Մուֆլոն» գրատուն։