Հայաստանի անկախութեան 98ամեակի տօնակատարութիւնը՝ Խալքիտիքիի Ամարանոցէն ներս Հայաշունչ՝ երիտասարդական խանդով ու ամրապնդուա՛ծ հոգիներով

(ԱԶԱՏ ՕՐ, 2 Յունիս) Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 98ա­մեա­կին տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը իր լա­ւա­գոյն դրսե­ւո­րու­մը գտաւ ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­­Միու­թեան «­­Սո­ղո­մոն ­­Թեհ­լի­րեան» խում­բի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ պատ­րաս­տո­ւած ձեռ­նար­կով, որ ամ­բող­ջօ­րեայ ար­շաւ մըն էր դէ­պի ­­Խալ­քի­տի­քիի Ա­մա­րա­նո­ցը, ­­Կի­րա­կի՝ 29 ­­Մա­յիս 2016ին։

Ե­րի­տա­սար­դա­կան խան­դով ու կեն­սու­նա­կու­թեամբ, ըն­կե­րա­յին բա­ցա­ռիկ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ ­­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան նո­ւի­րո­ւած ձեռ­նար­կը, որ հա­մախմ­բած էր ­­Թե­սա­ղո­նի­կէէն ե­րեք փուլ­ման­նե­րով եւ անձ­նա­կան ինք­նա­շարժ­նե­րով հա­սած ժո­ղո­վուր­դը։

­­Խալ­քի­տի­քիի գե­ղե­ցիկ ա­մա­րա­նո­ցի վայ­րին նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւ­նը ար­դէն եր­կու օ­րէ ի վեր կա­տա­րած էին Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­­Միու­թեան ան­դամ­նե­րը, ո­րոնք խնամ­քով մաք­րած ու կար­գի դրած էին ձմրան ըն­թաց­քին փակ մնա­ցած բա­նա­կա­վայ­րը։ alt

­­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչակ­ման եւ ­­Մա­յի­սեան ­­Հե­րո­սա­մարտ­նե­րու 98ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած ձեռ­նար­կին ներ­կայ ե­ղան ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վիւ Սմ­բատ Վրդ. ­­Սա­պուն­ճեան, ­­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին ­­Վար­չու­թեան ան­դա­մու­հի տի­կին ­­Վե­րա Պ­լէ­ճեան, ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­­Թա­ղա­յին ­­Խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. ­­Վարդ­գէս ­­Գուն­տաք­ճեան եւ ան­դամ­նե­րը, Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Կեդ­րո­նա­կան ­­Կո­մի­տէի ան­դամ ընկ. ­­Պետ­րոս ­­Հա­լա­ճեան, Հ.Յ.Դ. ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­­Յա­կոբ ­­Գա­սա­պեան» ­­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­­Կա­րօ ­­Նա­տեան եւ ­­Կո­մի­տէի ան­դամ­նե­րը, Հ. Գթ. ­­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­­Նո­ւէ­ր ­­Տէ­րէ­յեան եւ ան­դա­մու­հի­նե­րը, ­­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Ղա­զա­րոս ­­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չա­կան ըն­կեր­նե­րը, Հ.Յ.Դ. ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ու ­­Պա­տա­նե­կան ­­Միու­թեան ան­դամ­նե­րը եւ ­­Ծաղ­կոց շա­բա­թօ­րեայ վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւնն ու ու­սուց­չա­կան կազ­մը եւ ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը։

Ո­գեշն­չող ու հա­րա­զատ մթնո­լոր­տի մէջ, հան­դի­սու­թեան բա­ցու­մը կա­տա­րեց Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի ան­դամ ընկ. ­­Խա­չիկ ­­Մա­րու­քեան, որ ող­ջու­նեց մեր ազ­գա­յին ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան ծնուն­դը եւ անդ­րա­դար­ձաւ հայ ազ­գի ա­պա­գա­յին կա­պո­ւած հե­տա­գայ պա­հե­րուն։

Ա­պա՝ ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վիւ Սմ­բատ Վրդ. ­­Սա­պուն­ճեան խօ­սե­ցաւ ­­Մա­յի­սեան փա­ռա­հեղ յաղ­թա­նակ­նե­րու մա­սին՝ շեշ­տե­լով ­­Մա­յիս 28ի նշա­նա­կու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին մէջ։ Ան ը­սաւ, որ ­­Մա­յիս 28ը շրջա­դար­ձա­յին նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ հայ ազ­գի նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան մէջ, ո­րով հա­յու­թիւ­նը վե­րա­հաս­տա­տեց ա­զատ ապ­րե­լու իր ի­րա­ւուն­քը՝ խո­րա­պէս գի­տակ­ցե­լով, որ ազ­գին հիմ­քը ա­զատ, ան­կախ եւ հզօր պե­տա­կա­նու­թիւնն է։

­­Հայր ­­Սուր­բը յոր­դո­րեց ե­րի­տա­սար­դու­թիւնն ու ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դը ամ­րապն­դո­ւե­լու ան­կա­խու­թեան խոր­հուր­դով, յա­նուն հայ­րե­նի­քի եւ Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան ի գործ դրո­ւած պայ­քար­նե­րով։ Ան անդ­րա­դար­ձաւ Ար­ցա­խի ի նպաստ վեր­ջերս կազ­մա­կեր­պո­ւած ֆո­նե­թոն-դրա­մա­հա­ւա­քին՝ ող­ջու­նե­լով մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը եւ մաս­նա­կից դառ­նա­լու դրա­կան տրա­մադ­րու­թիւ­նը։

­­Յա­ջոր­դա­բար խօսք ա­ռաւ ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­­Թա­ղա­յին ­­Խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. ­­Վարդ­գէս ­­Գուն­տաք­ճեան, որ ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց Ա­մա­րա­նո­ցի մէջ տօ­նա­հան­դէ­սը կազ­մա­կեր­պե­լու գե­ղե­ցիկ գա­ղա­փա­րին գծով եւ մե­ծա­պէս գնա­հա­տեց Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի ու ­­Հա­մազ­գա­յի­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ պատ­րաս­տո­ւած ձեռ­նար­կը։ Պրն. ա­տե­նա­պե­տը խօ­սե­ցաւ Ա­մա­րա­նո­ցի եր­կա­րա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին, որ ոչ միայն յու­նա­հայ, այլ նաեւ օ­տար եր­կիր­նե­րէ ժա­մա­նած ի­րե­րա­յա­ջորդ ե­րի­տա­սարդ սե­րունդ­ներ հիւ­րա­սի­րած, հա­յօ­րէն դաս­տիա­րա­կած ու հա­յու­թեամբ ներշն­չած է։

Օ­րո­ւան բա­նա­խօսն էր Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հայ ­­Դա­տի Յանձնախումբի ան­դամ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­­Յա­րու­թիւ­նեան, որ յատ­կա­պէս հրա­ւի­րո­ւած էր ձեռ­նար­կին հա­մար։ ­­Հիւր դա­սա­խօ­սը անդրա­դար­ձաւ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի ծնուն­դին ու ­­Մա­յիս 28ի նշա­նա­կու­թեան՝ շեշ­տե­լով, թէ ­­Մա­յիս 28ը այն թո­ւա­կանն է, որ կը խորհր­դան­շէ հայ ժո­ղո­վուր­դին ա­զա­տու­թեան տեն­չը եւ իր ան­կա­խու­թիւ­նը պաշտ­պա­նե­լու հա­ւա­քա­կան կամ­քը։

Քն­նար­կե­լով ան­կա­խու­թեան ա­ռա­ջին շրջա­նի պայ­ման­ներն ու ձեռք­բե­րում­նե­րը՝ ան խօ­սե­ցաւ պե­տա­կան կա­ռոյ­ցի ձե­ւա­ւոր­ման, հայ քա­ղա­քա­կան մտքի զար­գաց­ման եւ հա­յու­թիւ­նը միախմ­բող սկզբուն­քա­յին նպա­տա­կին մա­սին։ ­­Շեշ­տեց ու կեդ­րո­նա­ցաւ հայ մար­դը, դաշ­նակ­ցա­կան ե­րի­տա­սար­դը եւ մեր հայ­րե­նի­քը յու­զող հար­ցե­րուն, հրա­մա­յա­կան­նե­րուն եւ հայ ինք­նու­թիւ­նը յատ­կան­շող ազ­դակ­նե­րուն վրայ։ ­Թո­ւեց ­­Հայ ­­Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեան մէջ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թեանց ու հե­տա­գայ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու շար­քը։

Ա­պա՝ բա­նա­խօ­սը անդ­րա­դար­ձաւ Ար­ցա­խեան վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն եւ Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կու­մով ստեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կին՝ շեշ­տե­լով, թէ պա­տե­րազ­մի մէջ յաղ­թած ժո­ղո­վուր­դը իր պայ­քա­րը կը շա­րու­նա­կէ՝ ան­պարտ մնա­լու հա­մար նո՛յն­պէս քա­ղա­քա­կան, քա­րոզ­չա­կան ու դի­ւա­նա­գի­տա­կան ճա­կատ­նե­րուն վրայ։

­­Ձեռ­նար­կի վեր­ջին խօս­քը վե­րա­պա­հո­ւած էր ­­Հայ Գ­թու­թեան ­­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­­Նո­ւէր ­­Տէ­րէ­յեա­նին, որ ող­ջու­նեց ներ­կա­նե­րը եւ շնոր­հա­ւո­րեց ­­Մա­յի­սեան ան­կա­խու­թեան տօ­նը, մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ խօ­սե­լով ­­Խալ­քի­տի­քիի Ա­մա­րա­նո­ցի եր­կա­րա­մեայ դաս­տիա­րա­կիչ գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին։ Ան նշեց, թէ եր­կու շա­րու­նա­կա­կան տա­րի­նե­րէ ի վեր ստի­պո­ւած փակ կը մնայ ա­մառ­նա­յին բա­նա­կու­մի շրջա­նը, այ­սու­հան­դերձ մեծ ճիգ կը կա­տա­րո­ւի, որ­պէս­զի շու­տով լու­ծո­ւին առ­կայ խնդիր­նե­րը եւ Ա­մա­րա­նո­ցը կա­րո­ղա­նայ շա­րու­նա­կել իր ազ­գա­յին ստեղ­ծա­գործ կեան­քը։

­­Կէ­սօ­րո­ւան հա­մեղ խո­րո­վա­ծէն, լա­ւաշ հա­ցե­րով եւ աղ­ցան­նե­րով լե­ցուն ճոխ սե­ղան­նե­րէն ու ա­նու­շե­ղէն­նե­րու սպա­սար­կու­մէն ետք, ժա­մը ե­կած էր գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տագ­րին, զոր ներ­կա­յա­ցուց ­­Հա­մազ­գա­յի­նի «­­Մա­սիս» պա­րա­խում­բը, պա­րու­սու­ցու­թեամբ պրն. ­­Յո­վիկ ­Թով­մա­սեա­նի։

­­Հայ­կա­կան քո­չա­րին ու ազ­գագ­րա­կան գե­ղե­ցիկ պա­րե­րը ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան պա­րա­խում­բի երկ­սեռ ան­դամ­նե­րուն կող­մէ՝ մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն եւ ո­գե­ւո­րիչ մթնո­լորտ ստեղ­ծե­լով ներ­կա­նե­րուն մօտ։

Իր քաղցր ձայ­նով եւ ար­հես­տա­վարժ մեկ­նա­բա­նու­թեամբ՝ օր. ­­Մէ­րի Ս­փի­րի­տո­նի­տու մե­ներ­գեց «­­Կի­լի­կիան», «­­Պին­կէօլ»ը, «Ով սի­րուն սի­րուն» եւ այլ եր­գեր, խլե­լով ներ­կա­նե­րու ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րը։

­­Հան­դի­սու­թեան պաշ­տօ­նա­կան մա­սը իր ա­ւար­տին հա­սաւ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­­Միու­թեան «­­Սո­ղո­մոն ­­Թեհ­լի­րեան» խում­բի ա­տե­նա­պետ ընկ. Ար­տա­ւազդ ­­Սի­մո­նեա­նի կող­մէ Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ փո­խան­ցուած ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով։ ­­Պաս­տա­ռի վրայ նկար­նե­րու եւ վի­տէօ­նե­րու ցու­ցադ­րու­թիւն տե­ղի ու­նե­ցաւ, Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի աշ­խա­տանք­նե­րու հիմ­նա­կան բա­ժին­նե­րէն։

­­Պաշ­տօ­նա­կան բա­ժի­նը կրնար ա­ւար­տած ըլ­լալ, այ­սու­հան­դերձ՝ նո­ւազ հե­տաքրք­րա­կան չէր ան­պաշ­տօն մա­սը, բա­նա­կա­վայ­րի դաշ­տե­րէն ներս պա­տա­նի­նե­րու գնդա­կի խա­ղե­րով, մե­ծե­րու մի­ջեւ զրոյց­նե­րով, ան­տա­ռա­յին ծա­ռա­խիտ շրջա­նէն ներս պտոյտ­նե­րով եւ նոյ­նիսկ ծո­վու լո­գան­քով։

­­Լից­քա­ւո­րո­ւած ու վե­րա­թար­մա­ցած մթնո­լոր­տի մէջ, իր ա­ւար­տին հա­սաւ ամ­բող­ջօ­րեայ այս գե­ղե­ցիկ տօ­նա­հան­դէ­սը, ուր շեշ­տը դրո­ւե­ցաւ մեր միաս­նա­կան ու­ժին, հա­յու­թեան ար­դար պայ­քար­նե­րուն ի սպաս ցու­ցա­բե­րո­ւած մեր պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան ու մեր ճի­գե­րու ու­ժե­ղաց­ման վրայ։

­­Գի­տա­կից ու ազ­գա­յին ծա­ռա­յու­թեան նո­ւի­րո­ւած պատ­րաս­տա­կամ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ճի­գը տես­նե­լով՝ յստակ է, թէ մեր ազ­գա­յին կեան­քը կը վե­րա­նո­րո­գո­ւի ու կը վե­րա­թար­մա­նայ, ի խնդիր նոր նո­ւա­ճում­նե­րու եւ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու։
Ա­նոնք են ա­պա­գա­յի մեր ե­րաշ­խի­քը։
Ինչ­պէս եւ մեր բո­լո­րին հպար­տան­քը։

Թղ­թա­կից

Լուսանկար – Հռիփսիմէ Յարութիւնեան