ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Եւ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանին

(ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹ) Երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ու Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Կարօ Յարութիւնեան, Վահրամ Էմմիեան եւ Սերուժ Աբիկեան, այցելեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինի հետ:

Կէս ժամ տեւողութեամբ հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ պատուիրակութեան անդամները Ռուսիոյ դեսպանին ներկայացուցին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն-Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ 1994-ին հաստատուած զինադադարի դրութեան Ազրպէյճանի կողմէ լայնածաւալ խախտումը:

Պատուիրակութիւնը դեսպան Զասիփքինին փոխանցեց իր մտահոգութիւնը 1994-ին զինադադարի հաստատման թուականէն ի վեր ազրպէյճանական կողմէն այդ դրութեան խախտման դիմաց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին կողմէ ընդհանրական ու տագնապին առնչակից երկու կողմերը նոյն նժարին վրայ դնող յայտարարութիւններուն նկատմամբ` նշելով, որ այդ քաղաքականութիւնը ազրպէյճանական կողմը քաջալերած է իր խախտումներուն մակարդակը հետզհետէ բարձրացնելու, ի վերջոյ յանգելով վերջին օրերուն արձանագրուած լուրջ կռիւներուն ու բազմաթիւ զոհերուն, որոնց շարքին էին նաեւ քաղաքայիններ:

Պատուիրակութիւնը անհրաժեշտ նկատեց սեպտեմբեր 2015-ին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին կողմէ առաջարկուած զինադադարի հսկողութեան գործիքակազմի անյապաղ գործադրութիւնը` պահանջելով, որ Ռուսիան, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող եռեակի անդամ, ճնշում բանեցնէ Ազրպէյճանի վրայ, որպէսզի վերջինս Հայաստանի նման ընդունի այդ առաջարկը:

Ռուսիոյ դեսպանը նախ եւ առաջ բացատրեց, որ միջնորդութեան առաքելութիւնը ունի իր կանոնները եւ այդ միջնորդութեան նպատակին իրագործման համար ճիշդ չէ այդ կանոններէն շեղիլ` աւելցնելով, որ անկախ իր օգտագործած միջոցներէն` միջնորդութեան թիրախը իր նպատակին հասնիլն է: Ան նաեւ յայտնեց, որ ինք կարեւոր կը նկատէ ՀՅԴ պատուիրակութեան տեսակէտը, մասնաւորաբար նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ տարբեր մակարդակներու վրայ ՀՅԴ-ի ունեցած կշիռը: «Այդ պատճառով ալ, մեզի համար ձեր տեսակէտը շատ կարեւոր է, եւ ես զայն պիտի փոխանցեմ Մոսկուա, որպէսզի զայն նկատի ունենայ քաղաքականութեան մշակման ընթացքին», ըսաւ դեսպան Զասիփքին:

 

وفد من الطاشناق عرض وزاسبكين قضية ناغورني كاراباخ

nna-leb.gov.lb

وطنية – زار وفد من اللجنة المركزية لحزب الطاشناق ولجنة الدفاع عن القضية الأرمنية، سفارة روسيا، والتقى السفير الكسندر زاسبكين، ونقل اليه حقيقة الاعتداء الذي تعرضت له جمهورية ناغورني كاراباخ من اذربيجان على طول خط التماس، وخرق وقف النار عام 1994. وأعرب الوفد للسفير الروسي عن قلقه من “الخروقات الأذرية المتكررة منذ اتقاق عام 1994، والتي بلغت ذروتها في الأيام الماضية، وتمثلت بشنها حربا على مدنيين، وقد سقط ضحايا أبرياء”.

وشدد الوفد على ضرورة تنفيذ اقتراح مجموعة مينسك لمراقبة حدود اذربيجان – كاراباخ، وطلب من روسيا بصفتها عضوا في المجموعة ممارسة الضغط على اذربيجان ودفعها الى قبول الاقتراح.

من جهته، قال زاسبكين إن “للوساطة قوانينها وطرقها، والالتفاف على هذه القوانين قد يكون غير مجد، والمهم ان تصل هذه الوساطة الى الهدف المرجو”.

واعتبر ان “موقف حزب الطاشناق مهم جدا”، منوها “بالدور المهم الذي يلعبه الحزب على الساحة اللبنانية على كل المستويات”، وقال: “موقف حزب الطاشناق مهم بالنسبة الينا وسأنقل هذا الطلب الى موسكو للمناقشة واتخاذ التدابير اللازمة”.