Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած յարձակումներուն մասին «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին կատարած լրատուութեան ընթացքին, կայանին կողմէ հեռաձայնային կարճ հաղորդակցութիւն մը հաստատուեցաւ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեանի հետ:
Վ. Եագուպեան յայտնեց, որ վերջին երկու օրերուն ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանին վրայ արձանագրուած զինուորական յարձակումը եղած է վտանգաւոր եւ 1994-ին հաստատուած զինադուլէն ի վեր ամէնէն լայնածաւալ զինուորական խախտումը:
«Նախորդ տարիներուն ընթացքին Ազրպէյճան մնայուն կերպով զինադուլը խախտած է Լեռնային Ղարաբաղի հետ սահմանամերձ շրջանի զանազան կէտերուն վրայ, սակայն երէկ պատահածը ներթափանցում մըն էր, որուն համար օգտագործուած էին ծանր սպառազինութիւն, հրասայլեր, օդուժ, ինչպէս նաեւ ռազմավարական դիրքեր գրաւելու փորձեր կատարուած էին: Իսկ աւելի վտանգաւորը այն է, որ Պաքուի կողմէ շղթայազերծուած յարձակումը թրքական բացայայտ զօրակցութիւն կը վայելէ` նկատի ունենալով օր մը առաջ յայտարարուած թրքական պաշտօնական այն կեցուածքը, որուն հիման վրայ Թուրքիա Ազրպէյճանին բացարձակ զօրակցութիւն կը յայտնէր», ընդգծեց Եագուպեան:
Պատասխանելով այն դիտարկումին, թէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը Ազրպէյճանի աշխարհագրական տարածքին մէջ կ՛իյնայ, Վ. Եագուպեան շեշտեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը միշտ ալ հայկական եղած է` աւելցնելով պատմական այն փաստը, որ 1923-ին Ստալինի որոշումով ան բռնակցուած է Ազրպէյճանին:
«Ղարաբաղ հայկական հող է, անոր բնակիչները հայեր են եւ այդ հողերուն հայկական ինքնութեան մասին պատմական փաստաթուղթեր կան», ըսաւ ան:
Նշենք, որ Վ. Եագուպեան նոյն բովանդակութեամբ այլ հարցազրոյց մը ունեցաւ նաեւ եգիպտական «Օն» պատկերասփիւռի կայանին հետ: