Համբարեան. Դեսպան Ուորլիքի Առաջնահերթ Պարտականութիւնն է Խաղաղութեան Հաստատումը

ԱՄՆ Հայ Դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան՝ «Ամերիկայի Ձայնը» լրատուամիջոցի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին քննադատեց ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքի ներկայութիւնը՝ Ադրպէյճանի դեսպանատան կողմէ կազմակերպուած Խօջալուի դէպքի նիւթով միջոցառման: Համբարեան շեշտեց նաեւ թէ քոնկրէսականներ՝ Ռոյս եւ Էնկելի նախաձեռնութիւնն է, որ ուղղուած է Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ լուծման քանի ան կը նախատեսէ սահմանէն դիպուկահարներու հեռացումը, կրակի ուղղութիւնը որսացող սարքերու տեղադրումը եւ դիտորդներու ներկայութիւնը: «Հայաստանը ու Արցախը անցած են այդ թեստը, Ադրպէյճանը՝ ոչ» ըսաւ Համբարեան: