Պրիւքսել, 27 յունուար, 2016.- Եւրոխորհրդարանէն ներս, յունուար 26 եւ 27-ին տեղի ունեցաւ «Եւրոպական միութիւնը, Թուրքիան, Միջին արեւելքը եւ քիւրտերը. հին խնդիրներ, նոր լուծումներ» գիտաժողովը, որուն հրաւիրուած էին խօսելու գիտնականներ, քաղաքագէտներ, դիւանագետներ, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ լայն հասարակութիւն մը: Գիտաժողովը կազմակերպուած էր Եւրոխորհրդարանի ձախակողմեան խմբակցութեան կողմէ:
Գիտաժողովին հիմնական նիւթերն էին Միջին արեւելքի մէջ տիրող կացութիւնը, Սուրիոյ պատերազմը եւ խաղաղութեան հնարաւորութիւնները, փախստականներու դժուարին կացութիւնը եւ մարդկային աղէտը, Թուրքիոյ ներքին հարցերը, քիւրտերու դէմ ծաւալած մարտական գործողութիւնները, փոքրամասնութեանց եւ մարդկային իրաւունքերը եւ Թուրքիոյ Եւրոմիութիւն մուտքի հնարաւորութիւնները:
Գիտաժողովին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պելճիքայի եւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբերու անդամներէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը, որ գիտաժողովին ընթացքին ունեցաւ զանազան հանդիպումներ:
Հանդիպում մը կայացաւ պատուիրակութեան եւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (HDP) համանախագահ Սելահաթին Տեմիրթաշի միջեւ: Հայ դատի պատուիրակութիւնը անոր շնորհաւորեց իր վերընտրութեան առթիւ, եւ մաղթեց յաջողութիւն: Արծարծուեցան նաեւ երկու կողմերը հետաքրքրող հարցեր:
Յիշեցնենք, որ 2015 թուականի յունիս եւ նոյեմբեր ամիսներուն, Թուրքիոյ խորհրդարանական զոյգ ընտրութիւններուն նախօրէին, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարութեամբ մը իր զօրակցութիւնը յայտնած էր HDP-ին եւ կոչ ուղղած Եւրոպայի մէջ բնակող թուրք քաղաքացիներուն` քուէարկելու այս կուսակցութեան օգտին: Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը HDP-ի հրաւէրով, սոյն ընտրութիւններուն մասնակցած էր իբր դիտորդ: