Հորիզոն.- 2014 Թուականի Օգոստոս 15-ին, Յովիկ Թիւֆէնքճեան պաշտօնապէս յայտարարեց Գանատայի 2015 թուականի դաշնակցային ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը, որպէս Լաւալի VIMY ընտրաշրջանի Ազատական կուսակցութեան թեկնածու:
Ազատական կուսակցութեան նոր կանոնագրին համաձայն, իւրաքանչիւր ընտրաշրջանի թեկնածուն կ՚որոշուի նախընտրական քուէարկութեամբ։ նախընտրական ընտրապայքարի ընթացքին առաւելագոյն քուէներ ստացողը կը յայտարարուի կուսակցութեան թեկնածուն։ VIMY ընտրաշրջանի մէջ Յովիկ Թիւֆէնքճեանին կողքին կայ մէկ այլ ազատական թեկնածու:
Նշենք, որ Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբը իր զօրակցութիւնը յայտնած է Յովիկ Թիւֆէնքճեանին, գնահատելով Հայ Դատի աշխատանքներու առնչութեամբ իր կատարած ներդրումն ու Լաւալի հայ գաղութին համար իր բերած անսակարկ ծառայութիւնները:
2015-ի Օգոստոս 17-ին Յովիկ Թիւֆէնքճեան հրապարակեց հետեւեալ կոչ հաղորդագրութիւնը.
«Այսօր ուրախութեամբ կ՚ուզեմ ձեզ տեղեկացնել, թէ Լաւալի Vimy շրջանի նախընտրական թեկնածութեան քուէրկութեան օրը (investiture) որոշուած է Օգոստոսի 27-ը:
Վիմի ընտրաշրջանին մէջ ազատական (լիպէրալ) կուսակցութիւնը ներկայացնող երկու թեկնածուներ կան, որոնցմէ միայն մէկը պիտի մասնակցի Հոկտեմբեր 19-ին յայտարարուած դաշնակցային (fédéral) ընտրութիւններուն: Օգոստոս 27-ին վերոնշեալ ընտրաշրջանի ազատական կուսակցութեան անդամները պիտի քուէարկեն եւ որոշեն, թէ երկու թեկնածուներէն ո՞վ պիտի ըլլայ իրենց կուսակցութեան պաշտօնական թեկնածուն Վիմիի շրջանին համար։
Հետեւաբար, քոյրեր եւ եղբայրներ, անոնք որոնք անդամ են ազատական (լիպերալ) կուսակցութեան եւ կը բնակին Վիմիի ընտրաշրջանին մէջ, կը խնդրեմ որ ներկայանաք որոշուած վայրը եւ ձեր քուէն արձանագրէք ի նպաստ Յովիկ Թիւֆէնքճեանին։ Քուէարկութիւնը պիտի կայանայ Օգոստոս 27-ի երեկոյեան. վայրը եւ ժամը ձեզի շուտով կը յստակացնենք։
Սիրելիներ, Վիմիի ընտրատարածքին մէջ բնակող իւրաքանչիւր հայորդիի քուէն պիտի օգնէ Յովիկ Թիւֆէնքճեանի եւ իր ճամբով՝ մեր գաղութի յաջողութեան։ Ձեր իւրաքանչիւրին քուէն կարեւոր է։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմեցէք
514-546-VIMY (8469)
Յովիկ Թիւֆէնքճեան