Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի մամլոյ պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեան «Արմէնփրես»-ին յայտնած է, որ Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը 7 յուլիսին որդեգրած է Պելճիքայի կառավարութեան կողմէ ներկայացուած` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը:
«Ներկայացուած էին քանի մը բանաձեւերու առաջարկներ, որոնցմէ ընտրուեցաւ կառավարութեան եւ համախոհական կուսակցութեան ներկայացուցած նախագիծը: Առաջարկ-բանաձեւը պէտք է նաեւ քուէարկութեան դրուի Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին», նշած է Տեմիրճեան` աւելցնելով, որ Ներկայացուցիչներու տան քուէարկութեան օրը տակաւին յայտնի չէ:
Կառավարութենէն բացի, բանաձեւերու նախագիծեր ներկայացուցած էին նաեւ ընդդիմադիր երեք կուսակցութիւնները: Որդեգրուած բանաձեւի նախագիծը կը ճանչնայ եւ կը դատապարտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի կոչ կ՛ուղղէ` հաշտեցման եզրեր փնտռելու, եւ կը դրուատէ Պելճիքայի վարչապետ Շարլ Միշելի յայտարարութիւնը, որով ան խորհրդարանին մէջ ճանչցած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Միշել յայտարարած էր. «Մեր դիրքորոշումը միշտ յստակ եղած է: Հայոց ցեղասպանութիւնը կատարուած է: Այդ հարցին մէջ երկու կարծիք չի կրնար ըլլալ»:
Յիշեցնենք, որ 1998-ին Պելճիքայի Ծերակոյտը ճանչցած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը: