ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը հանդիպեցաւ Աւստրիոյ դեսպան Ուրսուլա Ֆերինկըրի հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ դեսպանատուն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ դեսպան Ուրսուլա Ֆերինկըրի հետ: Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք հանդիպումի առիթին համար` պատուիրակութիւնը դեսպանին խնդրանքով ներկայացուց Հայ դատի մարմիններու տարաբնոյթ աշխատանքներուն ծիրը եւ յատկապէս Լիբանանի Հայ դատի մարմինին առաջադրանքները: Պատուիրակութիւնը դեսպանին ու դեսպանին ճամբով նաեւ Աւստրիոյ խորհրդարանին շնորհակալութիւն յայտնեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար: Նշենք, որ 22 ապրիլ 2015-ի իր նիստին ընթացքին, Աւստրիոյ խորհրդարանը, խորհրդարանի նախագահ Տորիս Պիւրեսի առաջարկով յոտնկայս լռութեամբ յարգած էր Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Նիստին ընթացքին խորհրդարանի քաղաքական վեց կուսակցութիւններու ղեկավարները Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող միացեալ յայտարարութիւն մը որդեգրած էին:

Անդրադառնալով պատուիրակութեան այն նկատողութեան, թէ որդեգրուած յայտարարութիւնը ընդգծած էր Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին Աւստրոհունգարական կայսրութեան` Օսմանեան կայսրութեան դաշնակից ըլլալու հանգամանգը եւ շեշտած էր «Աւստրիոյ պարտաւորութիւնը` ճանչնալու եւ դատապարտելու ցեղասպանութիւնը», դեսպանը կարծիք յայտնեց, որ Աւստրիա իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան հիմնական ականատես ու իրազեկ պետութիւն վաղուց պէտք էր ճանչցած ու դատապարտած ըլլար զայն:

Անդրադառնալով դեսպանի այն նշմարին, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը զգայուն հարց է Աւստրիոյ մէջ` նկատի առած ծագումով թուրք ստուար համայնքի մը գոյութիւնը, պատուիրակութեան անդամները դրուատեցին Աւստրիոյ խորհրդարանի` ի նպաստ արդարութեան եւ ճշմարտութեան որդեգրած կեցուածքը: Պատուիրակութիւնը նաեւ յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ հանգրուանին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը Աւստրիոյ մէջ ամրագրուի օրինագիծով մը:

Կողմերը միտքեր փոխանակեցին հայ-թուրք յարաբերութիւններուն, Թուրքիոյ մէջ առկայ քաղաքացիական գործընթացներուն, Հայոց ցեղասպանութեան` Թուրքիոյ կողմէ ճանաչման, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու կանխարգիլման հարցերուն շուրջ:

Հանդիպման աւարտին պատուիրակութիւնը դեսպան Ֆերինկըրի յանձնեց շնորհակալական պաշտօնական նամակ մը, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմագիտական հատոր մը եւ հայ մշակութային ժառանգութեան անդրադարձող գիրք մը:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ծրագրած է հետագային նոյնանման այցելութիւններ տալ նաեւ Պրազիլի եւ Լիւքսեմպուրկի դեսպանութիւններուն:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄԱՐՄԻՆ

7 յուլիս 2015

ANC Lebanon Meets with Austrian Ambassador Ursula Fahringer

A delegation of the Armenian National Committee of Lebanon (ANCL) visited the Austrian Embassy in Lebanon on Tuesday, July 7, 2015 and met with Ambassador Ursula Fahringer. After thanking the ambassador for the opportunity to meet, and upon the ambassador’s request, the delegation presented an overview of the activities of Armenian National Committees in general and the Lebanon chapter in particular. The delegation extended its gratitude to the ambassador and through the ambassador to the President of the National Council of Austria, Ms. Doris Bures, and her fellow members of the National Council for observing a moment of silence on April 22, 2015 as a token of respect to the victims of the Armenian Genocide. The delegation also welcomed the adoption of a joint declaration recognizing the Armenian Genocide by Austria’s six parliamentary parties during the session.
In response to the delegation’s reference to the section of the parliamentary joint declaration which underlined the Austro-Hungarian Empire’s alliance with the Ottoman Empire during WWI, and further stressed that it was “Austria’s duty to recognize and condemn the genocide”, the ambassador noted that as a primary witness, Austria’s recognition and condemnation of the Armenian Genocide was long overdue.
Taking note of the ambassador’s mention of the sensitivities attached to the issuing of the joint declaration due to the large number of Austrians of Turkish origin, the delegation commended the Austrian stance and commitment toward justice and human rights issues. The delegation also extended its wishes that, as a course of action, the adoption of the declaration would be followed by an official resolution recognizing the Armenian Genocide.
The sides exchanged their views pertaining to the Armenian-Turkish relations, the civil society activism in Turkey, the recognition of the Armenian Genocide by Turkey and the prevention of genocide and crimes against humanity in general.
At the conclusion of the meeting the delegation handed the ambassador an official thank you letter, a historical volume about the Armenian Genocide and a book about the Armenian cultural heritage.
The ANCL plans to pay similar visits to the embassies of Brazil and Luxembourg in Lebanon in light of the recent supportive stances adopted by both countries in relation to Armenian Genocide recognition.

July 7, 2015
Armenian National Committee of Lebanon