Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ Փսիխիքօ-Ֆիլոթէի քաղաքապետութեան համակազմակերպութեամբ
Փսիխիքօ-Ֆիլոթէի քաղաքապետութեան եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի համագործակցութեամբ, Չորեքշաբթի՝ 24 Յունիս 2015ի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ Ստեփան Թեքիրեանի երաժշտական համերգը նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին։
Փսիխիքոյի «Պենեթաթու» մշակութային կեդրոնէն ներս տեղի ունեցած համերգը կը կրէր «Արեւմուտքի եւ Արեւելքի միջեւ» խորագիրը, ներկայացնելով հայկական դասական թէ աշուղական-ժողովրդային սիրուած երգեր։
Համերգասրահի մուտքին տեղ տրամադրուած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը ցուցադրող լուսանկարներու եւ բացատրական գրութիւններու, առիթը տալով ներկայ ժողովուրդին լոյս սփռել՝ պատմական ծանօթ դէպքերուն վրայ։ Բացումը կատարեց Փսիխիքոյի քաղաքապետութեան մշակութային պատասխանատուն, որ մեծապէս գնահատելով Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի հետ քաղաքապետութեան համագործակցութիւնը, անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստին եւ հայ ժողովուրդի ապրած արհաւիրքի օրերուն, ծանրանալով հայ ժողովուրդի ապագան կերտելու կամքին եւ ստեղծագործական ոգիին վրայ։
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի անունով ողջոյնի խօսք ուղղեց ընկ. Ալիս Ֆարաճեան՝ անդրադառնալով հայ ժողովուրդի պահանջատիրական ոգիին եւ իր արդար դատին ծառայող պայքարներուն։ Ընկերուհիին խօսքը հայ երիտասարդութեան քաղաքական անկոտրում կամքի դրսեւորում էր, որուն ուշադրութեամբ հետեւեցան յոյն հանդիսատեսները։
Շուրջ մէկուկէս ժամուան լրիւ յայտագրով ելոյթ ունեցաւ երաժիշտ-յօրինող Ստեփան Թեքիրեան, եռանդամ նուագախումբով եւ երկու փորձառու երգչուհիներու մասնակցութեամբ։ Երգով եւ դաշնակի կատարումներով Ստեփան Թեքիրեան ճամբորդութիւն մը կատարեց Արեւմտեան Հայաստանի նահանգներուն, Անիի աւերակներուն, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ստեղծագործած հայ անուանի երգահաններու գործերուն ընդմէջէն, հայկական երաժշտութեան ամէնէն ընտիր նմոյշները ծանօթացնելով հանդիսատեսներուն։ Ստեփան Թեքիրեանի ընկերացան Օտիսէաս Զաֆիրոփուլոս – ջութակ, Լէֆթէրիս Խավուծաս – ուտ եւ տուտուկ, Աքիս Փեթրինիոթիս – պաս, Մարիա Քանելոփուլու եւ Վասիա Զիլու – երգ։
Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին պատշաճեցուած ու վարպետօրէն խնամուած երգացանկը հայկական ազգային երաժշտութեան բարձր մակարդակի ծաղկաքաղ հանդիսացաւ, Հայ Դատի Յանձնախումբին հետ համագործակցութեան նոր ժամանակաշրջան մը սկսող Փսիխիքոյի քաղաքապետական շրջանակներուն համար։