Brussels, 22 June, 2015: Today, at the Presidential Palace in Athens, Hellenic Republic President Mr. Prokopis Pavlopoulos received a joint delegation of European Armenian Federation for Justice and Democracy (EAFJD) and Armenian National Committee of Greece (ANC Greece), comprised by EAFJD President Kaspar Karampetian, ANC Greece Chairman Hagop Hovaguimian, and ARF – Dashnaktsutyun representative Kerop Ekizian.
The meeting was held in a friendly atmosphere and lasted around half an hour; the delegation congratulated Mr. Pavlopoulos for his election as President of the Hellenic Republic.
The discussion focused on the relations between the Greek and Armenian relations, stressing the need and potential to further the cooperation between both, the Hellenic and Armenian Republics. The conflict of Nagorno Karabakh was also discussed, and the need to reach a long lasting and sustainable peace by negotiations and non use of force.
Greek – Armenian community issues were also discussed. The Armenian delegation wished the President of the Hellenic Republic for the quick recovery of the Greek financial crisis.
Photo: (L-R) Hagop Hovaguimian, Kaspar Karampetian, Prokopis Pavlopoulos, Kerop Ekizian. (photo source: Azad Or Armenian Daily, Athens, Greece)
Հ.Յ.Դ. պատուիրակութիւն մը տեսակցեցաւ Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահին հետ
Այսօր առաւօտեան, Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս, նախագահական ապարանքին մէջ, ընդունեց այցելութիւնը պատուիրակութեան մը, որուն մաս կը կազմէին Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Քերոբ Էքիզեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Յակոբ Յովակիմեան եւ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ ընկ. Գասպար Կարապետեան։
Մօտ կէս ժամ տեւած հանդիպումը ընթացաւ սիրալիր եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ։ Պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց Յունաստանի նախագահը՝ իր պաշտօնի ստանձնման առիթով։
Խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ հայ եւ յոյն յարաբերութիւններուն վրայ՝ շեշտելով Յունաստանի եւ Հայաստանի միջեւ գործակցութեան ոլորտներու ընդարձակման օգտակարութիւնը եւ կարեւորութիւնը։
Խօսուեցաւ նաեւ Արցախեան հիմնահարցին խաղաղ ու բանակցային ճամբով արդար լուծում գտնելու անհրաժեշտութեան մասին։
Հանդիպման աւարտին, խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ յունահայութիւնը յուզող հարցերու վրայ։ Այս շրջագիծէն ներս երկուստեք յայտնուեցաւ բաղձանք, որ Յունաստանի ներկայ տնտեսական դժուարին վիճակը ունենայ իր շուտափոյթ բարւոք լուծումը։