(ԺԱՄԱՆԱԿ) Շաբաթավերջին կայացած խորհրդարանական ընտրութեանց հետեւեցան նաեւ դիտորդական տարբեր կազմակերպութիւններ, թէ՛ քաղաքացիական հասարակութենէն եւ թէ միջազգային հանրութենէն։ ՀՏՓ-ի հրաւէրով ընտրութեանց հետեւեցաւ նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան Եւրոպայի հայ դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը։ Երէկ խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու առիթն ունեցանք Եւրոպայի հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանը, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի հայ դատի յանձնախումբէն Գէորգ Աղճանեանը, Միջին Արեւելքի հայ դատի գրասենեակի ղեկավար Վերա Եագուպեանը, Պելժիոյ հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Պետրոս Պետրոսեանը եւ Եւրոպայի հայ դատի գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ կապի պատասխանատու Պետօ Տէմիրճեան-Քիւրքճեանը։
Անոնք յայտնեցին, թէ առաջին անգամն է, որ Պոլիս կ՚այցելեն, հետեւաբար փափաքած են ծանօթանալ նաեւ համայնքային կազմակերպութիւններուն, մամլոյ միջոցներուն եւ տարբեր կառոյցներուն։ Այս նպատակով կայացած իրենց այցելութեան ընթացքին մտքերու փոխանակութիւն տեղի ունեցաւ վերջին ընտրութիւններուն եւ արդիւնքներուն շուրջ։ Հիւրերը մեզի տեղեկութիւններ փոխանցեցին նաեւ իրենց իրականացուցած առաքելութեան վերաբերեալ։ Այցելութեան աւարտին երկկողմանի փափաք յայտնուեցաւ ամրապնդելու կապերը Պոլսոյ եւ հայաշխարհի նման կազմակերպութիւններու միջեւ։