«Հորիզոն».- Մայիս 15-ին, Վանգուվըրի մէջ կայացած Գանատայի գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան Նոր Դեմոկրատականներու (NDP) հաւաքի ընթացքին, Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վահէ Անտոնեան եւ յանձնախումբի անդամ Կարօ Թերզեան յատուկ առանձնազրոյց ունեցան Նոր Դեմոկրատականներու ղեկավար Թոմաս Մուլքէրի հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին խորհրդարանին մէջ Ապրիլ 24-ը Գանատայի մէջ յիշատակման օր հռչակելու թիւ 587 բանաձեւի յաջողութեան ուղղութեամբ կուսակցութեան անվերապահ զօրակցութեան համար։
Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները պրն. Մուլքէրի ուշադրութեան յանձնեցին Արցախեան հիմնահարցը, յատկապէս շեշտելով ատրպէյճանական բանակին կողմէ հրադադարի խախտման հետեւողական փորձերը։ Մուլքէր խոստացաւ մօտէն քննել Արցախեան հիմնահարցը։
Նշենք, որ Արցախի վերջին ընտրութիւններուն Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վահէ Անտոնեան մասնակցած էր իբրեւ գանատացի դիտորդ։
Մայիս 15-ին, Վանգուվըրի մէջ կայացած Գանատայի գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան Նոր Դեմոկրատականներու (NDP) հաւաքի ընթացքին, Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վահէ Անտոնեան եւ յանձնախումբի անդամ Կարօ Թերզեան յատուկ առանձնազրոյց ունեցան Նոր Դեմոկրատականներու ղեկավար Թոմաս Մուլքէրի հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին խորհրդարանին մէջ Ապրիլ 24-ը Գանատայի մէջ յիշատակման օր հռչակելու թիւ 587 բանաձեւի յաջողութեան ուղղութեամբ կուսակցութեան անվերապահ զօրակցութեան համար։
Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները պրն. Մուլքէրի ուշադրութեան յանձնեցին Արցախեան հիմնահարցը, յատկապէս շեշտելով ատրպէյճանական բանակին կողմէ հրադադարի խախտման հետեւողական փորձերը։ Մուլքէր խոստացաւ մօտէն քննել Արցախեան հիմնահարցը։
Նշենք, որ Արցախի վերջին ընտրութիւններուն Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վահէ Անտոնեան մասնակցած էր իբրեւ գանատացի դիտորդ։
Նկար – Ձախէն՝ Թոմաս Մուլքէր, Վահէ Անտոնեան