Մարտ 28-ին Վանգուվըրի մէջ կայացաւ «Կամուրջ դէպի յաջողութիւն» երեկոն, որուն հովանաւորն էր Գանատայի Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի վարչապետ Քրիսթի Քլարք։ Հանդիսութեան ներկայ էր Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Վահէ Անտոնեան, որ առիթ ունեցաւ յատուկ առանձնազրոյց ունենալու վարչապետուհիին հետ։ Վահէ Անտոնեան հրաւէր ուղղեց վարչապետ Քլարքի մասնակից դառնալու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Վանգուվըրի մէջ կայանալիք գլխաւոր ոգեկոչման ձեռնարկին։ Վարչապետ Քլարք խոստացաւ յատուկ յայտարարութիւն հրապարակել Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով։