Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ու Հայ Դատի Յանձնախումբի հանդիպումը Օլղա Գեֆալոյեանիի հետ

(ԱԶԱՏ ՕՐ) Յունաստանի զբօսաշրջիկութեան նախարարուհի տիկին Օլղա Գեֆալոյեանի Չորեքշաբթի 8 Յունուար 2015ի երեկոյեան այցելեց Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի գրասեանեակը եւ տեսակցութիւն ունեցաւ Կ.Կ.ի եւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներուն հետ։
Հանդիպման ընթացքին, տիկին նախարարուհիին ներկայացուեցաւ յունահայ գաղութի իրավիճակը իր ազգային, քաղաքական, լրատուական, կրօնական, կրթական եւ հասարակական երեսներով, ապա լայն խօսակցութիւն տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարիլիցի ու Հայ Դատի զարգացումներու մասին։ Յատուկ նշում կատարուեցաւ հելլէն խորհրդարանի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման 1996ի բանաձեւին, որ խորհրդարան ներկայացուած էր աժմու վարչապետ Անտոնիս Սամարասի կողմէ: Նոյնպէս անդրադարձ եղաւ անցեալ տարուայ Սեպտեմբերին՝ ցեղասպանութեանց ժխտողականութեան քրէականացման օրէնքի ընդունման մասին։ Նշում կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ կարեւոր բնագաւառներու մէջ կայացող գործակցութեանց եւ Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահի այցելութեան Հայաստան՝ անցեալ Սեպտեմբերին։
Խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ Արցախի հիմնահարցի զարգացումներուն շուրջ, որու ընթացքին տիկին նախարարուհիին դիտել տրուեցաւ Յունաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տնտեսական գործակցութեան առկայութիւնը, որու ճամբով Ատրպէյճանի պետութիւնը ամէն առիթով եւ բացայայտօրէն հակահայ քարոզչութիւն կը տանի հելլէն քաղաքական շրջանակներու եւ յունական հանրային կարծիքին մօտ, ինչպէս նաեւ հելլէն կառավարութեան կրաւորական կեցուածքը ու պետական ներկայացուցիչներու բացակայութիւնը 2014ի Ապրիլեան ելոյթներէն։
Այս իրողութեանց լոյսին տակ մատնանշուեցաւ նաեւ յոյն քաղաքական անձնաւորութեանց ազերիամէտ կեցուածքը, յատկապէս միջազգային եւ եւրոպական ատեաններուն մօտ, փոխանցելով յստակ օրինակներ յոյն երեսփոխաններու եւ պետական ներկայացուցիչներու կեցուածքներէն: Այս հարցով շեշտուեցաւ նման կեցուածքներու ժխտական անդրադարձը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ։
Տիկին Գեֆալոյեանի իր կարգին բարձր գնահատեց յունական համայնքի ներկայութիւնը Յունաստանէն ներս, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու միջեւ գործակցութիւնը, ու յայտնեց թէ խորհրդարանի ճամբով ինք միշտ պատրաստ է գործնական քայլերով առաւել գործակցութեան դաշտ ստեղծելու յունահայ համայնքին հետ եւ յատկապէս Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներու ծիրէն ներս։