ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Լիբանանի Մէջ Պոլիվիոյ Պատուոյ Հիւպատոսին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Պոլիվիոյ պատուոյ հիւպատոս Ուալիտ Ժոզեֆ Խուրիի: Պատուիրակութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Պոլիվիոյ ժողովուրդին ու կառավարութեան` Պոլիվիոյ խորհրդարանին եւ ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար` մատնանշելով, որ որոշումը արդարացի կերպով կը նշէ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ծրագրաւորուած եւ կազմակերպուած ոճիր մըն էր, կը դատապարտէ ցեղասպանութիւնն ու անոր ժխտման քաղաքականութիւնը, կը խօսի Արեւմտեան Հայաստանէն տեղահանման մասին, այլ խօսքով` հայրենիքի կորուստին մասին, եւ այս բոլորը կը տեղադրէ մարդկային իրաւունքներու եւ ճշմարտութեան ու արդարութեան արժէքներուն նկատմամբ Պոլիվիոյ յանձնառութեան ծիրին մէջ:

Պատուոյ հիւպատոսը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար եւ նշեց, որ մարմինին գնահատական խօսքերը պիտի փոխանցէ Պոլիվիոյ կառավարութեան: Ան երկրորդեց ճշմարտութեան եւ արդարութեան արժէքներուն նկատմամբ Պոլիվիոյ յանձնառութիւնը` նշելով, որ Պոլիվիան այդ արժէքներուն տէր ու պաշտպան կը կանգնի առանց վախնալու այդ կեցուածքին նկատմամբ հակազդեցութիւններէն` աւելցնելով, որ ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին պէտք է 1.5 միլիոն զոհ պատճառած մարդկութեան դէմ այդ ոճիրին համար փոխհատուցում ալ կատարուի:

Պատուոյ հիւպատոսը հետաքրքրուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին եւ ընդհանրապէս աշխարհասփիւռ Հայ դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն աշխատանքներով, որոնց մասին պատուիրակութեան անդամները անհրաժեշտ տեղեկութիւններն ու բացատրութիւնները փոխանցեցին:

Պատուոյ հիւպատոսը պատրաստակամութիւն յայտնեց գործակցելու Լիբանանի Հայ դատի մարմինին հետ եւ անձամբ ներկայ գտնուելու յառաջիկայ տարի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուելիք ձեռնարկներուն:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄԱՐՄԻՆ