«Ցեղասպանութեան Տնտեսական Դրդապատճառները» Նիւթով Դասախօսութիւն

(ԳԱՆՁԱՍԱՐ) Հինգշաբթի, 4 Դեկտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 4:30-ին, Ա.Մ.Ժ. Տան «Անի» ճաշասրահէն ներս տեղի ունեցաւ Սուրիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած «Հայ Դատի Լսարան»ին երրորդ նիստը՝ «Ցեղասպանութեան Տնտեսական Դրդապատճառները» նիւթով: Ներկայ էին Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, Հ.Հ. Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան կցորդ Սերկէյ Ոսկանեան, պատուոյ հիւրեր, հալէպահայ միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ անհատ ունկնդիրներ: Բացման խօսքի ընթերցելէ եւ պատուոյ հիւրերը ներկայացնելէ ետք, Վարդենի Խուտէցեան ներկայացուց եւ հրաւիրեց լսարանի առաջին զեկուցաբերը՝ Կարպիս Մինասեան, որ «Հայկական Տնտեսութեան Պատմական Ակնարկ» զեկոյցին մէջ անդրադարձաւ 4500 տարուան հայ վաճառականական ու ճարտարագիտական նուաճումներէն ոմանց, ինչպէս՝ հայերուն արհեստներու մէջ հմտութեան, մետաղագործութեան եւ անասնաբուծութեան մէջ առաջապահութեան, Հայաստանէն երկաթի, պղինձի եւ այլ մետաղներու արտահանման, եւայլն: Մինասեան նշեց նաեւ, թէ հայերը յաջողած էին որոշ քաղաքներ վերածել տնտեսական բաբախուն սիրտի, ակնառու յաջողութեան հասած էին թութակի վաճառականութեան, տպարաններու եւ վաճառականական դպրոցներու հիմնադրութեան, ինչպէս նաեւ սերունդներու կրթական համակարգի զարգացման մէջ:
Այնուհետեւ հրաւիրուեցաւ լսարանի երկրորդ զեկուցաբեր Արամ Աւագեանը, որ իր յառաջաբանին մէջ թելադրեց հայ դատի հետապնդման առնչութեամբ զգացականութենէ անդին անցնիլ, փնտռել իրական կորուստը, գիտակցելու համար անոր ահաւոր մեծութեան:
Զեկուցաբերը նիւթը մատուցեց հիմնաւորեալ թիւերով քննելով Օսմանեան Կայսրութենէն ներս հետեւեալ չորս ազդակները.
Ա. Բնակչութիւն
Բ. Առեւտուր եւ ճարտարարուեստ
Գ. Հանրային կրթութիւն
Դ.Հարկային դրութիւն

Մանրամասնութիւնները «Գանձասար»ի Դեկտեմբեր Բ․ համարով։