Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ Յունաստանի Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամ Արթօ Շեմմաս, Չորեքշաբթի 3 Նոյեմբեր 2014ի երեկոյեան, հանդիպում ունեցան ՍԻՐԻԶԱ կուսակցութեան խորհրդարանական ֆրակցիայի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու՝ երեսփոխան Նանտիա Վալավանիի հետ: Տիկին Վալավանի մաս կը կազմէ նաեւ Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի (PACE) մօտ Յունաստանի պատուիրակութեան:
Հանդիպման հիմնական օրակարգը PACE-ի կողմէ 2014ի Սեպտեմբերին առնուած որոշումն էր՝ Արցախի հարցին շուրջ զեկուցաբեր նշանակելու մասին, ուր խօսք կ’ըլլար «Նակորնօ Ղարաբաղի եւ այլ գրաւեալ հողերու մասին»: Ծանօթ է որ այս որոշման յանգելու հիմնական դերակատարներէն էր յոյն երեսփոխան Տորա Պաքոյեանի, որ տուեալ առաջարկութեան նախագծին մէջ յաջողած էր ստորագրութիւններ ապահովել նաեւ յոյն երեսփոխաններէ, որոնց շարքին էին ՍԻՐԻԶԱ կուսակցութեան երեք երեսփոխաններ: Երբ վերջնական որոշման գրութիւնը քուէարկութեան դրուեցաւ սակայն, բոլոր կուսակցութիւններուն պատկանող երեսփոխանները քուէարկեցին ի նպաստ հայկական պատուիրակութեան առաջարկին, որպէսզի հարցը քննուի Մոնիթորինկի յանձնախումբէն եւ ոչ թէ քաղաքական յանձնախումբէն, նկատի առնելով թէ գրութեան մէջ նշուող հարցերը անհիմն էին:
Տիկին Վալավանիի հետ հանդիպման ընթացքին Հայ Դատի Յանձնախումբի պատուիրակութիւնը լայն կերպով ներկայացուց Արցախի հարցին էութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ վերջին ամիսներուն Ատրպէյճանի կողմէ շղթայազերծուած թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի սահմանային գօտիներու տարածկին լարուածութեան ստեղծման քայլերուն մասին, որուն ամէնէն ծանր միջադէպը հայկական ուղղաթիրի դէմ յարձակումն էր Հոկտեմբեր ամսու ընթացքին: Նշուեցաւ նաեւ հայկական պատուիրակութեան հետ ապագային աւելի սերտ ու անմիջական գործակցութիւն ունենալու հնարաւորութիւնը:
Տիկին Վալավանի շեշտեց թէ իրենց ստորագրած գրութիւնը բոլորովին տարբեր էր այդ գրութենէն որ ներկայացուեցաւ քուէարկութեան Վեհաժողովի լիագումար նիստին մէջ: Երբ իրենք նկատեցին փոփոխութիւնը որոշեցին անմիջապէս դիմել Վեհաժողովի նախագահութեան, բողոքելով եւ շեշտելով իրենց հակառակութիւնը եղած ոտնձգութեան դէմ: Նամակը ստորագրուեցաւ երեսփոխաններ՝ Եոաննիս Տրաղասաքիս, Նանտիա Վալավանի եւ Վասիլիքի Քաթրիվանուի կողմէ:
Ապա Սեպտեմբերի նիստին տիկ. Քաթրիվանու ելոյթ ունենալով անգամ մը եւս շեշտեց իրենց կուսակցութեան հակառակութիւնը առնուելիք որոշումին կապակցութեամբ: Տիկ. Վալավանի Հայ Դատի ներկայացուցիչներուն տրամադրեց հարցին կապակցուած փաստաթուղթերը:
Հանդիպման աւարտին, որոշուեցաւ մօտ յառաջիկային դարձեալ հանդիպիլ ու քննարկել աւելի ընդհանրական հարցեր: