«ԱԶԱՏ ՕՐ» – Անցեալ Ուրբաթ 13 Դեկտեմբերի կէսօրէ ետք, Նէա Զմիռնիի մէջ «Իմրիոն» միութեան կեդրոնատեղիին առջեւ, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, ցոյց տեղի ունեցաւ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի այցելութեան առիթով։
Ցուցարարները հաւաքուեցան «Իմվրիոն» միութեան կեդրոնատեղիին առջեւ, ուր պիտի ժամանէր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը՝ Իմվրոս կղզիի մշակութային ժառանգութեան նուիրուած նկարներու ցուցահանդէսի մը բացման ներկայ գտնուելու համար։
ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամներուն ընկերացան նաեւ Պոնտոսի Երիտասարդական Միութեան նախագահն ու անդամները։
Ցուցարարները կանուխէն հաւաքուեցան կեդրոնի մուտքին առջեւ, սակայն երբ փորձեցին պահանջատիրական պաստառ մը պարզել, ոստիկանութիւնը մի քանի մեթր ետ մղեց անոնց։ Այսուհանդերձ, ցուցարարները տեղւոյն վրայ մնացին, պահանջատիրական լոզունգներ բացագանչելով, մինչեւ Տաւութօղլուի ժամանումը։
Մէկ ժամ ուշացումով հասաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը։ Իր ժամանումի ընթացքին ցուցարարներու բողոքը սաստկացաւ։ Տաւութօղլու առաջնորդուեցաւ « Իմվրիոն» միութեան սրահէն ներս, ուր դիմաւորուեցաւ միութեան նախագահին եւ անդամներուն կողմէ։ Ինք եւս ողջոյնի կարճ խօսք մը ուղղեց թրքերէնով։ Խօսքերու լման տեւողութեան, դուրսէն կը լսուէին ցուցարարներուն ձայները, որ հակառակ Թուրքիոյ նախարարին ուղեկցող պատուիրակութեան անդամներու ճիգին, որոնք դուռ-պատուհան փակեցին, կարելի չեղաւ բնաւ կասեցնել ցուցարարներու բողոքի ձայնը։
«Թուրքիա ճանչցի՛ր Հայոց Ցեղասպանութիւնը», «Հայեր, Պոնտոսցիներ, Կիպրացիներ՝ միացեալ պայքար», «Հայութեան արդար իրաւունքը կը պահանջենք» լոզունգները բարձրաձայն կþարձագանգէին սրահէն ներս, շարունակաբար խանգարելով ելոյթ ունեցող թուրք նախարարին։
Սրահէն ներս
Սրահէն ներս համախմբուած էին Աթէնքի, հիւսիսային Յունաստանի (Թրակիա եւ Թեսաղոնիկէ) Իմվրիոն միութեան անդամները, որոնք ողջունեցին թուրք նախարարի այցելութիւնը իրենց միութեան կեդրոնատեղին։
Միութեան նախագահ Փարիս Ասանաքիս իր խօսքին մէջ պահանջեց օրինական եւ վարչական փոփոխութիւններու կիրարկումը Իմվրոսի մէջ, ուր կան յունապատկան բռնագրաւուած կալուածներ։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, իր պատասխան խօսքին մէջ ուրախութիւն յայտնեց որ Նէա Զմիռնի կը գտնուի եւ խոստացաւ թրքական քաղաքացիութիւն շնորհել, բոլոր անոնց որոնք կը փափաքին ստանալ։ Իր խօսքը թրքերէնով էր, որ չթարգմանուեցաւ նոյնիսկ։ Ան խուսափեցաւ որեւէ քաղաքական նշում կատարելէ եւ մնաց զգացական խօսքերու շրջագծին մէջ։
Նշենք, որ թուրք նախարարին կ’ուղեկցէին մեծ թիւով լրագրողներ, որոնք երիզագրեցին եւ նկարահանեցին հայ ցուցարարներու պահանջատիրական ցոյցը։ Անոնց բաժնուեցաւ Հայ Դատի Յանձնախումբի մամլոյ հաղորդագրութիւնը, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան թռուցիկը։