(ԱՍՊԱՐԷԶ) Հայ Դատի յանձնախումբի երթը խրախուսող հասարակական շարժումը այս վերնագիրի խորհրդանիշով կը թեւածէ առցանցի անսահմանափակ տարածքներուն վրայ:
Անցեալ Կիրակի տեղի ունեցած հեռատեսիլային հանգանակութեան նախապատրաստութեան ամբողջ շրջանին, այս լօզունգը հպարտօրէն ցուցադրող հազարաւոր երիտասարդներ, տարեցներ եւ երեխաներ կարծես գտած էին զիրար ողջունելու նոր բանաձեւ մը, որուն մէջ պարփակուած է ահագին ծրագիր, իղձ ու երազ:
Զարմանալիօրէն, այս օտարագիր խորհրդանիշէն հարազատութեան վարակիչ զգացողութիւն մը կը ճառագայթէ:
Գնա՛, թռչէ՛, վարգէ՛, ճախրէ՛, սլացի՛ր, աշաւէ՛ Հայ Դատ, միշտ դէպի առաջ, դէպի աւելի մեծ բարձունքներ, միշտ դէպի նոր յաղթանակներ: Այս է իմաստը այս նշանաբանին, իր «հաշթեկ»ով (սկիզբի թիւի խորհրդանիշով), որ այս պարագային՝ ոչ թէ պատգամներ կը համախմբէ, այլ Հայ Դատի գաղափարակիցներ՝ հայդատականներ մէկտեղելու դաշտ կը բանայ, եւ՝ իր կարգախօսով:
Այս թռիչքը վստահաբար պիտի շարունակուի նորացուած խոր-հրդանիշներով, թարմութիւն, արդիականութիւն բուրող աշխատելաոճով, ներգրաւող, համախմբող շեշտադրումներով:
Ամերիկահայութեան լայն զանգուածներուն հասնելու, անոնց մէջ հայկական հարցերուն հանդէպ հետաքրքրութիւնը գրգռելու, զանոնք հայութեան եւ Հայաստանի համար աշխատանքի դաշտ բերելու լաւագոյն բանաձեւերը Հայ Դատի զինանոցէն դուրս կու գան: Բազմիցս փաստուած այս իրողութիւնը մեզ յոյս կը ներշնչէ հետագայ աշխատանքներու ընդարձակման վերաբերեալ: Այդ աշխատանքները, սակայն, կարիք ունին մշտական ներդրումներու, որոնք պէտք չէ վերապահել պաշտօնական հանգանակութեանց կամ դրամահաւաքներու:
Արդարեւ, Հայ Դատին մեր մասնակցութիւնը պէտք է ըլլայ ամէնօրեայ, որպէսզի անոր ճախրանքը մեզ շուտով հասցնէ մեր նպատակներուն:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ