ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը այսօր՝ 13 մարտին լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը․
«Եւրոպական դատարանը այսօր 523 թեր, 3 դէմ եւ 84 ձեռնպահ քուէներով որդեգրեց «Ազրպէյճանի կողմէ հայ պատանդներու, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի բարձրաստիճան քաղաքական ներկայացուցիչներու ապօրինի ձերբակալութիւնը եւ անոնց դէմ շինծու դատավարութիւնները» խորագիրով բանաձեւը՝ դատապարտելով Ազրպէյճանի կողմէ հայ պատանդներուն հանդէպ անմարդկային վերաբերմունքը եւ պահանջելով անոնց անյապաղ ու անվերապահ ազատ արձակումը։
«Եւրոպական խորհրդարանը շեշտեց հայ գերիները ազատ արձակելու, անոնց դէմ դաժան վերաբերմունքի համար պատասխանատու անձեր հաշուետուութեան ենթարկելու դիւանագիտական ջանքերու հրատապ անհրաժեշտութիւնը, եւ Եւրոպական խորհուրդին կոչ ուղղեց՝ պատժամիջոցներ կիրարկելու Ազրպէյճանի մարդու իրաւունքներու խախտումներու պատասխանատու պաշտօնատարներուն դէմ, որոնց շարքին, դատաւորներ Զէյնալ Աղայեւի, Ջամալ Ռամազանովի եւ Անար Ռզայեւի դէմ։
«ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը կ’ողջունէ Եւրոպական խորհրդարանի որոշումը, որ կու գայ աւելնալու ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարի՝ հայ պատանդներու անյապաղ ազատ արձակումն ու անվտանգ վերադարձը պահանջող յայտարարութեան ու իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու յայտարարութիւններուն վրայ։
«ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Եւրոպական խորհուրդին ու միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղէ՝ Պաքուի մէջ պահուող ու շինծու եւ ապօրինի դատավարութեան ենթարկուող հայ պատանդներու ազատ արձակման համար շօշափելի քայլերու ձեռնարկելու»։