8 Յունուար 2025-ի երեկոյեան, Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները Լաւալի Հայ կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցան Parti Québécois կուսակցութեան ներկայացուցիչ եւ Քեպէգի խորհրդարանի երեսփոխան Փօլ Սենթ-Փիեռ Փլոմոնտոնի հետ: Հանդիպման ներկայ էին ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեան եւ Կ.Կ.ի անդամ Յովիկ Թիւֆէնքճեան, Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրանդ Թաշճեան եւ կոմիտէի անդամ Սագօ Եագուպեան, Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Գաթարոյեան, Մոնթրէալի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Յարութ Դաւիթեան եւ յանձնախումբի անդամ Աբրահամ Նիզիպլեան, Լաւալի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Շանթ Աֆարեան եւ յանձնախումբի անդամներ Արեւիկ Աֆարեան եւ Թալին Ապրաքեան:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան գանատահայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր, յատկապէս Քեպէգի կրթական ծրագրին վերաբերեալ առաջադրութիւններ, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի հիմնահարցին եւ Հայաստանի քաղաքական իրավիճակին վերաբերող հարցերու:
Հանդիպումէն ետք Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Գանատայի եւ Քեպէգի խորհրդարաններու երեսփոխաններու ի պատիւ ընթրիք մը, որուն ներկայ էին Գանատայի Խորհրդարանի երեսփոխաններ Ֆայսալ Ալ Խուրի եւ Անժելօ Եագոնօ, Քեպէգի խորհրդարանի երեսփոխաններ Փօլ Սենթ-Փիեռ Փլոմոնտո եւ Սելին Հայթայեան, Լաւալի քաղաքապետ Ստեփան Պուայէ եւ քաղաքապետարանի անդամներ Տաւիտ Տը Գոթիս, Փաուլօ Կալաթի, Վասիլիոս Քարիճիանիս, Ռէյ Խալիլ, Իզապէլ Փիշէ, Ակլէա Ռեվելաքիս, Սեդա Թոփուզեան Նիքոլա Պորն, Լաւալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տէր Յակոբ Քհն. Կեատայեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեան եւ անդամներ, Լաւալի եւ Մոնթրէալի կոմիտէներու ներկայացուցիչներն ու անդամներ, Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ, Հայ կեդրոնի յարկէն ներս գործող կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ: