13 Նոյեմբեր 2024ին, Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ, Սբ. Ներսէս Շնորհալի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «ՄՈՌՑՈՒԱԾ ՀԱՅՐԵՆԻՔ» ֆիլմը ցուցադրութիւնը:
Ձեռնարկին ներկայ էին Քուէյթի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեան եւ ՀՀ Արտակարգ եւ Լիզաօր դեսպան Տիար Սարմէն Պաղտասարեան, նաեւ համայանքին մէջ գործող ազգային մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Արդարեւ, սոյն երեկոն կազմակերպեց Քուէյթի Հայ Դատի յանձնախումբը: Երեկոյի ընթացքին տեղի ունեցաւ շարք մը պարգեւատրումներ:
Յանձնախումբի ատենապետ՝ ընկ. Դրօ Մսըրլեանի ձեռամբ պարգեւատրուեցան Հայ Դատի յանձնախումբիս միշտ սատար հանդիսացող ՀՀ Արտակարգ եւ Լիզաօր դեսպան Տիար Սարմէն Պաղտասարեան, նաեւ տեղացի եւ օտար բարեկամներ, որոնք իրենց աշխատանքներով միշտ նեցուկ կանգնած են հայ ժողովուրդին:
Աւարտին խօսք առին Եգիպտոսէն ժամանած Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ` Տօքթ. Արմէն Մազլումեան, նաեւ ֆիլմի բեմադրիչ` Տիար Իսամ Նաճի: Վերջիներս եւս պարգեւատրուեցան յատուկ յուշանուէրովներով: