ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի ՔՈՓ29-ի Վերաբերեալ Հաղորդագրութիւնը` Լիբանանեան, Սէուտական, Էմիրաթական Եւ Եգիպտական Կայքերու Վրայ

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներու յղեց Պաքուի մէջ ՔՈՓ29-ի խորհրդաժողովին վերաբերեալ հաղորդագրութիւն մը` նշելով, որ կենսոլորտի փոփոխութեան ՄԱԿ-ի 29-րդ խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ «երկրի մը մէջ, որ տակաւին վերջերս ցեղային զտում գործեց Արցախի բնիկ հայ ժողովուրդին դէմ: Ազրպէյճանը սովի մատնելու, ռմբակոծման, չհրահրուած յարձակումի եւ վախի մթնոլորտի տարածման ճամբով ցեղասպանական արշաւ վարած է»:

Հայ դատի մարմինը անդրադարձաւ նաեւ հայ պատանդներու եւ արցախահայութեան տունդարձի իրաւունքին` յայտնելով. «Հայ պատանդներու եւ պատերազմական գերիներու Պաքուի բանտերուն մէջ պահուիլը ուժեղ զգուշացում մըն է անոնց, որոնք կը մտածեն կիրարկել միջազգային օրէնքով ամրագրուած վերադարձի իրենց իրաւունքը: Ուստի Ազրպէյճանի կողմէ նոյեմբերի ձեռնարկին «Խաղաղութեան ՔՈՓ» պիտակաւորումը զզուելի է եւ ցնցիչ, որովհետեւ կը նպատակադրէ ջատագովել նախայարձակումի եւ ցեղասպանութեան ճամբով խաղաղութեան հաստատման գաղափարը»:

Հայ դատի մարմինը նշեց. «Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութիւնը 2 սեպտեմբեր 2024-ին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` յայտարարելով, թէ սեպտեմբեր եւ հոկտեմբեր 2023-ին պաշարումի եւ ռմբակոծման ճամբով հայերու բռնի տեղահանումը ցեղային զտում յայտարարեց: Ան Ազրպէյճանի կառավարութեան կոչ ուղղեց` ազատ արձակելու ապօրինաբար ազրպէյճանական կալանաւորման մէջ պահուող հայերը, նաեւ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` որդեգրելու պատշաճ քայլերը երաշխաւորելու համար Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած հայերուն տունդարձի իրաւունքն ու անվտանգութիւնը, ինչպէս ընդգծուած էր Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 17 նոյեմբեր 2023-ի միջանկեալ քայլերու որոշումին մէջ:

«ՔՈՓ29-ը կենսոլորտի փոփոխութեան կեղծ խորհրդաժողով մըն է, որովհետեւ կը գումարուի երկրի մը մէջ, որ կը գտնուի կենսոլորտի փոփոխութեան դէմ պայքարին հակադիր կողմին մէջ եւ այդ փոփոխութեան ուժեղ կերպով սատարող պետութիւններէն մէկն է: Անիկա խորհրդաժողով մըն է, որ իսկութեան մէջ նուիրուած է բռնատիրութեան մը ցեղասպանագործ ըլլալու իրողութիւնը նենգափոխելով զայն իբրեւ խաղաղութեան ջատագով ներկայացնելու նպատակին»:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղած հաղորդագրութիւնը նաեւ հրապարակուեցաւ սէուտական, էմիրաթական եւ եգիպտական կայքերու մէջ: