Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախմբին հրաւէրով եւ համագործակցութեամբ «Թաթոյեան» հիմնարկին՝ Սիւնիքէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը Քալիֆորնիա այցելեց 11էն 16 Նոյեմբերին, հանդիպումներ ունենալով շարք մը քաղաքական ղեկավարներու եւ հայ համայնքին հետ ու ներկայացնելով Ատրպէյճանի ոճիրները եւ մարդու իրաւունքներու խախտումները, ներառեալ՝ Հայաստան ներխուժումները եւ անոնց պատճառով Սիւնիքի մարզի Կապան եւ Գորիս համայնքներուն մէջ ստեղծուած իրավիճակը։
Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէին Կապան համայնքի ղեկավար Գէորգ Փարսեան եւ Գորիսի համայնքի ղեկավար Առուշ Առուշանեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի նախկին Մարդկային իրաւանց պաշտպան եւ «Թաթոյեան» հիմնարկի տնօրէն Արման Թաթոյեան։
Հանդիպումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին «Թաթոյեան» հիմնարկի Միացեալ Նահանգներու բաժանմունքի ղեկավար իրաւաբան Կարօ Ղազարեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախմբի ներկայացուցիչները։
Պատուիրակութիւնը ներկայ եղաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախմբի տարեկան ձեռնարկին եւ կրցաւ խորհրդակցութիւններ ունենալ քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆի եւ Պրետ Շըրմընի հետ։
Սիւնիքի պատուիրակութիւնը նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Փօլ Գրիգորեանի եւ անդամ Նիթա Ռամանի, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն հետ, ներկայացնելով Սիւնիքի ներկայ կացութիւնը։
Նշենք, որ Քալիֆորնիա եւ Սիւնիք քոյր նահանգներ են, իսկ Կլենտէյլ եւ Կապան եւ Լոս Անճելըս ու Երեւան՝ քոյր քաղաքներ:
Պատուիրակութիւնը խորհրդակցութիւններ ունեցաւ նաեւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ եւ այցելեց Ալեք Փիլիպոս վարժարանը։
Աւարտին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ համայնքային հաւաք մը, որուն ընթացքին եւս տեղեկութիւններ փոխանցուեցան Պաքուի ցեղասպանական արշաւին եւ Արցախէն բռնի տեղահանուած քաղաքացիներուն, ինչպէս նաեւ Սիւնիքին սպառնացող վտանգներուն մասին։