Յունահայութեան անունով պատուիրակութիւն մը տեսակցեցաւ խորհրդարանի նախագահին հետ
Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման 120-րդ օրուան կապակցութեամբ, Երկուշաբթի, 10 Ապրիլ 2023-ի առաւօտուն, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, յունահայ գաղութի կառոյցներու պատուիրակութիւն մը այցելեց Յունաստանի խորհրդարան եւ մէկ ժամէ աւելի հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Քոնսթանտինոս Թասիուլասին հետ։
Հայկական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Յունահայոց թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի պետ Յովսէփ ծ. վրդ. Պէզազեան, Հայ աւետարանական համայնքի վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ պ. Թագւոր Յովակիմեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Լիզա Աւագեան, Համազգայինի Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Յուլիանա Մանուկեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջ. վարչութեան ատենապետ եղբ. Գէորգ Պօղոսեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտ. Միութեան Կեդր. վարչութեան անդամ ընկ. Օննիկ Պետրոսեան, «Արարատ» մշակութային միութեան ներկայացուցիչ պ. Միքայէլ Յովսէփեան եւ «Ազատ Օր» օրաթերթին կողմէ ընկ. Քերոբ Էքիզեան։
Հանդիպումի նպատակն էր խորհրդարանի նախագահին յանձնել յատուկ նամակ մը, որ ստորագրուած է յունահայ գաղութի ազգային, կրօնական, յարանուանական, քաղաքական, երիտասարդական ու պատանեկան, բարեսիրական, մշակութային, մարզական, թաղային, հայ-յունական առեւտրական կառոյցներու մօտ 60 վարչական միաւորներուն կողմէ, ընդգրկելով ամբողջ Յունաստանի տարածքին վրայ գործող յունահայ գաղութի կազմակերպ կեանքի իրականութիւնը։
Երկու կողմերուն միջեւ եղած ջերմ զրոյցին ընթացքին, նախապէս Թեմակալ Առաջնորդը գոհունակութիւն յայտնեց հանդիպումին առնչութեամբ, ապա անդրադարձաւ Ատրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի արգելափակման, որ պատճառ դարձաւ ամբողջ Արցախի շրջափակման։ Սրբազան հայրը շեշտեց, թէ Ատրպէյճանի շրջափակումը մարդասիրական մեծ աղէտի եզրին բերած է Արցախի հայութիւնը, մինչ Ատրպէյճան կը շարունակէ գրաւուած տարածքներէն ներս աւերել հայկական մշակութային բոլոր կոթողները, նպատակ ունենալով ամբողջութեամբ վերացնել հայկական հետքերը եւ հայաթափել Արցախը։
Յաջորդաբար, Հայ դատի յանձնախումբի անունով, ընկ. Հ. Յարութիւնեան աւելի մանրամասն անդրադարձաւ շրջափակումին եւ ընդգծեց միջազգային ընտանիքի դատապարտումի բանաձեւումները Ատրպէյճանի ապօրինի քայլերուն դէմ։ Ան նշեց, թէ բնապահպանական պատրուակներով սկսած շրջափակումը շատ արագ ցոյց տուաւ Ատրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան նպատակները։ Խօսք եղաւ եւրոպացի դիտորդներու ներկայութեան հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ ու միջազգային հսկողութիւնը ամրապնդելու կարեւորութեան։ Ընկերուհին նշեց Եւրոպական խորհրդարանի երկու բանաձեւերը, անցեալ շաբաթ Կիպրոսի խորհրդարանին կողմէ Ատրպէյճանը դատապարտող բանաձեւը եւ միջազգային ատեաններու որոշումները, որոնք Ատրպէյճանին կոչ կ՚ուղղեն անյապաղ բանալ Բերձորի միջանցքը։
Ընկ. Յարութիւնեան յունահայութեան անունով նամակը փոխանցեց խորհրդարանի նախագահին եւ նշեց, թէ Յունաստանի հայութեան աւելի քան 60 կառուցային միաւորներ կը խնդրեն Յունաստանի խորհրդարանէն դիմել համապատասխան նախաձեռնութիւններու, որպէսզի ազդու միջոցներ ձեռնարկուին եւ Ատրպէյճան անմիջական կերպով վերջ տայ Արցախի շրջափակման։
Խորհրդարանի նախագահը, իր կարգին, անդրադարձաւ տարածաշրջանային խնդիրներուն, տեղեակ ըլլալով Կովկասէն ներս տիրող աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններուն եւ նշեց, թէ պիտի դիմէ հելլէն կառավարութեան ու արտաքին գործոց նախարարութեան, որպէսզի Արցախի շրջափակման հարցը դրուի Եւրոպական ատեաններու օրակարգին վրայ։ Ան նաեւ շեշտեց, թէ Յունաստան կառչած կը մնայ միջազգային օրէնքի սկզբունքին եւ յատուկ զգայնութիւն կը ցուցաբերէ հողային ամբողջականութեան խնդիրներուն շուրջ։
Յաջորդաբար, հանդիպումը առիթ եղաւ նաեւ ներկայացնելու յունահայ գաղութի պատմութիւնն ու ներկայ պատկերը։ Նախագահը հետաքրքրուեցաւ գաղութային կեանքի զանազան ոլորտներուն մասին եւ իւրաքանչիւր ներկայացուցիչէ ստացաւ մանրամասն տեղեկութիւններ ազգային, հոգեւոր, կրթական, Հայ դատի, մամուլի եւ հասարակական գործունէութեան շուրջ։
Հանդիպումի աւարտին, Յունաստանի խորհրդարանի նախագահը յուշամետալով պարգեւատրեց Առաջորդ Սրբազան հայրն ու Հայ դատի ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ յուշանուէրներ յանձնեց պատուիրակութեան անդամներուն։
* * *
Ստորեւ, կը ներկայացնենք Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի անունով եւ յունահայ կառոյցներուն կողմէ՝ Յունաստանի խորհրդարանի նախագահին յանձնուած նամակի հայերէն եւ յունարէն տարբերակները։
Աթէնք, 24 Մարտ 2023
Յունաստանի խորհրդարանի նախագահ Պ. Քոնսթանտինոս Թասիուլասին
Վսեմաշուք պ. նախագահ,
12 Դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր, Ատրպէյճանի արգելափակած է «Լաչինի միջանցքը», միակ ճանապարհը, որ կը կապէ Արցախի Հանրապետութիւնը Հայաստանին հետ, պատճառ դառնալով աւելի քան օրական 400 թոն սննդամթերքի, դեղորայքի եւ այլ կարեւոր ապրանքներու փոխադրութեան դադրեցման, փորձութեան տակ դնելով Արցախի սննդամատակարարման ապահովութիւնը։ Բացայայտ կը դառնայ, որ Արցախի 120.000 բնակիչները զրկուած կը մնան ապահով եւ արժանավայել կենցաղի ամէնէն տարրական իրաւունքներէն, սնունդէն, առողջապահական խնամքէն, կրթութենէն եւ երթեւեկութեան ազատութենէն։ Այս կացութիւնը կը բարդուի Ատրպէյճանի կողմէ տասնեակ տարիներու վրայ գործած թշնամական արարքներու երկար ցանկին վրայ, հայերու ջարդէն Սումկայթի եւ Պաքուի մէջ, մինչեւ շղթայազերծած երեք պատերազմները, նպատակ ունենանով Արցախի հայերու ցեղային մաքրագործումը եւ ամբողջական բնաջնջումը։ Կը նկատուի պետականօրէն կանխամտածուած հակահայ քաղաքականութեան շարունակութիւնը, որ ամբողջութեամբ կը համընկնի Ատրպէյճանի հակահայ անվերջ յայտարարութիւններուն եւ արարքներուն հետ։ Յունաստանի հայ համայնքը, խորապէս մտահոգուած իր ազգակիցներու բախտով Արցախի մէջ, կը փափաքի Ձեզի հետ տեղեկատուական հանդիպում մը ունենալ, իրազեկ դարձնելու համար անձնապէս Ձեզ եւ Ձեր միջոցով Յունաստանի Խորհրդարանը, տարածաշրջանէն ներս տիրող կացութեան մասին։ Կը հաւատանք, որ ձեր պետութիւնը, միջազգային ընտանիքին հետ գործակցաբար, կրնայ նախաձեռնութիւն առնել, որպէսզի ազդու միջոցներով վերացուի շրջափակումը եւ երաշխաւորուի բազմաչարչար Արցախի հայերու կեանքի ապահովութիւնը։ Այս պատճառով, կը խնդրենք հանդիպիլ մեր համայնքի պատուիրակութեան հետ, որ պիտի բաղկանայ հայկական հոգեւոր եւ քաղաքական կառոյցներու ներկայացուցիչներէն, որպէսզի Ձեզ տեղեակ պահեն եւ համապատասխան նամակը փոխանցեն։
Լիայոյս ենք ձեր դրական պատասխանին համար։