Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակը, հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, բուռն կերպով դատապարտեց Ատրպէյճանի կողմէ Արցախը Հայաստանին կապող միակ միջանցքի փակումն ու Արցախի հայերուն նկատմամբ ազրպէյճանական սադրանքները` զանոնք նկատելով 9 նոյեմբեր 2020-ին հայկական ու ազրպէյճանական կողմերուն միջեւ ստորագրուած համաձայնութեան ոտնահարում։
Գրասենեակը նշեց, որ շրջանին մէջ բնակող հազարաւոր հայերու բնականոն կեանքը խանգարելը եւ անոնց իրաւունքներն ու ազատութիւնները անտեսելը Արցախի մէջ խաղաղութիւնը ականահարելու բացայայտ փորձ է։
Հայ դատի Միջին Արեւելքի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան յայտնեց, որ հարիւրաւոր հայ կիներ ու մանուկներ ներկայ ցուրտ եղանակին ճամբան ձգելն ու անոնց Արցախ մուտք գործելը կամ անկէ հեռանալը արգիլելը մարդասիրական աղէտի պիտի յանգեցնէ, եթէ միջազգային ընտանիքը չմիջամտէ, մասնաւորաբար երբ ազրպէյճանական իշխանութիւնները արգիլած են Արցախի մէջ առողջական հարցերէ տառապող քաղաքայիններուն բժշկական ու դեղորայքի մատակարարումը։
Հայ դատի Միջին Արեւելքի գրասենեակը միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց՝ տէր կանգնելու իր պատասխանատուութեան, եւ անմիջական քայլեր որդեգրելու վերաբանալու համար Արցախը Հայաստանին կապող կենսական միջանցքը՝ խուսափելու համար այն մարդասիրական աղէտէն, որուն միջոցով Ազրպէյճան կը փորձէ Արցախի հայերու ցեղային մաքրագործումը շարունակել։